петък, 12 декември 2008 г.

ՎԱԽՃԱՆՈՒՄ՝ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱՐՃԵԱՆԻ



Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ վախճանումը իր բազմավաստակ պատուոյ նախագահին, նախկին նախագահին, անդադրում քարոզիչին, անձնուէր հովիւին եւ ժրաջան առաջնորդին՝ վեր. դոկտ. Յովհաննէս Գարճեանի։ Վերջին քանի մը տարիներուն քաղցկեղի դէմ տարած իր պայքարէն ետք, ան վախճանեցաւ կիրակի, 23 նոյեմբեր 2008-ի կէսօրէ ետք ժամը 4։45-ին, հանդարտ քունի ընթացքին, իր տան մէջ, Սուարթամոր-Փենսիլվանիա (Միացեալ Նահանգներ)։Վեր. Գարճեան ծնած էր Մարաշ (Թուրքիա), 30 յուլիս 1927-ին։ 1936-ին ընտանիքը կը փոխադրուի Հալէպ, ուր ան նախ կը յաճախէ Հայ աւետարանական Բեթէլ նախակրթարանը, ապա՝ Հալէպ քոլէճ, որուն երկրորդական ուսման ընթացքը կ՚աւարտէ 1945-ին։ Անմիջապէս կը սկսի երիտասարդ Յովհաննէս Գարճեանի քարոզչական-դաստիարակչական ծառայութիւնը՝ Գալատուրանի (Քեսապի շրջան) Հայ աւետարանական եկեղեցիին եւ նախակրթարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման պապակը հանգիստ չի ձգեր զինք. ուստի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի դասընթացքին կը միանայ շուտով։ 1953-ին կը վկայուի պսակաւոր աստուածաբանութեան եւ պսակաւոր արուեստից վկայականներով, աստուածաբանական դպրոցէն եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն։ Նոյն տարին կ՚ամուսնանայ օրդ. Ռեբեկա Վարդանեանի հետ, եւ ընտանիքը կ՚օրհնուի չորս զաւակներով Փոլին՝ Նայիրի, Սեւան (տիկին Պալապանեան) եւ Տաթեւ-Նշան։Վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեանի հովուական ծառայութիւնը, որ սկսած էր 1945-ին, կը շարունակուի 1953-էն ետք եւս՝ Գամիշլիի Հայ աւետարանական եկեղեցիին, եւ ապա Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին մէջ, ուր կը ստանայ իր հովուական ձեռնադրութիւնը 1961-ին։ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցին անոր հովուական առաջնորդութիւնը կը վայելէ 1978-1986, Լիբանանի ներքին պատերազմի տարիներուն։ 1986-ին ան կ՚ընտրուի միութեան նախագահի պաշտօնը վարելու, նաեւ փոխանորդի միջոցով, տնօրինելու Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետի պաշտօնը, մինչեւ պաշտօնապէս իր հանգստեան կոչուիլը, 1988-ին։ Բայց վեր. Գարճեանի հասկացողութեան մէջ դադար չկար հոգեւոր հովիւին համար. իբրեւ միութեան նախագահ ծառայած ատեն, ան երկու տարի յանձն առաւ Սիտնիի Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի հովւութիւնը, իսկ վերջին տարիներուն Ամերիկա հաստատուելէն ետք, Հեվըրթաունի Հայ աւետարանական եկեղեցիին հայերէն քարոզելու պարտականութիւնը։Հովուական եւ միութենական ծառայութեան զուգահեռ՝ վեր. Գարճեան ծառայած է նաեւ իբրեւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ, Հայկազեան համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանի հոգաբարձութեանց անդամ եւ ատենապետ, նախագահ Աստուածաբանական ճեմարանին, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի անդամ եւ նախագահ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր մարմինի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ։ Ան եղած է նաեւ հայերէն լեզուի դասատու, տնօրէն եւ Հալէպ քոլեճի նախագահ։ Վերապատուելին ունեցած է նաեւ հրատարակչական գործունէութիւն՝ շրջան մը խմբագրելով միութեան «Ջանասէր» պարբերաթերթը եւ հրատարակելով իր քարոզներու շարքերը։Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը երախտագիտութեամբ կ՚անդրադառնայ իր պատուոյ նախագահին՝ վեր. դոկտ. Յովհաննէս Գարճեանի պտղաբեր կեանքին եւ բեղուն ծառայութեան՝ փառք տալով Աստուծոյ անոր համար եւ աղօթելով առ Բարձրեալն, որ յաւիտենական կեանքի յոյսով մխիթարէ տիկին Ռեբեկան, անոր զաւակները եւ թոռները, եւ նման մշակներ հանէ իր հունձքէին։ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ24 նոյեմբեր, 2008Պէյրութ

Няма коментари:

Публикуване на коментар