петък, 12 декември 2008 г.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ



12/11/2008

Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալօճէօփուլոս, Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2008-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին լիբանանեան քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի գործօն մասնակցութիւնը երկրի քաղաքական ու ընկերային կեանքին:
Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իրեն պարզեց անցեալ շաբաթ Վատիկան տուած իր այցելութեան գլխաւոր երեսները:
Շրջանային ու միջազգային կացութեան շրջագծին մէջ, անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը օրերուն Աթէնքի ու շրջակայ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող վայրագութեանց դրդապատճառներուն:

Няма коментари:

Публикуване на коментар