петък, 12 декември 2008 г.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻՆ

11/28/2008

Ուրբաթ 28 Նոյեմբեր 2008-ի առաւօտուն, Վատիկան տուած իր պաշտօնական այցելութեան վերադարձէն անմիջապէս յետոյ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Բաժանմունքի Նախագահ Կարտինալ Սանտրին: Յայտնենք, որ Կարտինալ Սանտրին վերջին չորս օրերուն կը գտնուէր Լիբանան, մասնակցելու Լիբանանի մէջ կայացած արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովին:
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը՝ Վատիկան: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց իր այցելութեան յատկանշական երեսները: Կարտինալ Սանտրին, մօտէն հետեւած ըլլալով Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան բոլոր հանգրուաններուն, պատմական որակեց այս այցելութիւնը ու մեծապէս արդիւնաւէտ: Ան անդրադարձաւ յատկապէս նահատակաց համաքրիստոնէական օր մը ճշդելու եւ Ս. Զատկուայ միացեալ թուական ունենալու Վեհափառ Հայրապետին արծարծած գաղափարներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասէն տարած Նահատակաց մասունքին եւ այդ առիթով Վեհափառին արտասանած խօսքին:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի կացութեան: Վեհափառը յայտնեց, որ այս մասին ինք խօսած է Ն.Ս. Պապին հետ եւ Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ անոնց մօտ յստակօրէն տեսած է զօրակցութիւն՝ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանի քրիստոնէութեան նկատմամբ: Կարտինալ Սանտրին իր կարգին հաստատեց Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը, ըսելով, որ իր ներկայութիւնը Լիբանան ինքնին շօշափելի արտայայտութիւն մըն է Վատիկանի զօրակցութեան:
Կարտինալ Սանտրին նաեւ անդրադարձաւ Հռոմի եկեղեցիներէն՝ Սուրբ Վլաս եկեղեցին Հայ եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ դնելու մասին, որպէսզի անհրաշետութեան պարագային հոն կատարուին հայ եկեղեցւոյ ծէս ու պատարագ: Ան նաեւ յայտնեց այս գծով գոյութիւն ոնեցող կարգ մը զգայնութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս գծով Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ կաթոլիկ եկեղեցւոյ էքիւմենիք վերաբերումին գծով, միաժամանակ մաղթելով որ զգայնութիւնները շուտով փարատին:
Սոյն հանդիպման Կարտինալին կողքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակը, Կարտինալին օգնական երկու եպիսկոպոսները, եւ Պքէրքէի ներկայացուցիչը:
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ մը նուիրեց Կարտինալ Սանտրիին:

Няма коментари:

Публикуване на коментар