петък, 12 декември 2008 г.

«Մենք Հայ Ենք Պէտք Է Ըսէք», կ՛ըսէ Ղասսան Ռահպանի Կեդրոնական Բարցրագոյն Վարժարանի Աշակերտներուն



Լիբանանի անկախութեան 65-րդ ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ երեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2008-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, որ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով։Հայրենիք կորսնցուցած եւ արտերկրի տարածքին սփռուած հայ նոր սերունդի զաւակները բաւական լաւ իւրացուցած են հայրենիքի անկախութեան գաղափարն ու անոր սիրոյն կատարուած զոհողութիւնները։ 65-րդ տարեդարձի անկախութեան մթնոլորտէն ու Լիբանանը իբրեւ երկրորդ հայրենիք նկատելու սէրէն ներշնչուելով՝ միջնակարգէն ու երկրորդականէն երեք աշակերտներ ինքնագիր բանաստեղծութիւններով (մէկը՝ հայերէն) արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը Լիբանանին ու անոր անկախութեան։11-րդ դասարանի աշակերտները երկու երգերով՝ Ժուլիա Պութրոսի «Էնէ պըթնաֆաս հուրիէ» եւ Ղասսան Ռահպանիի «Նահնա հոն մընիիշ», իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագիրին։Արաբերէնի ուսուցչուհիին՝ Սիլվա Գալֆայեանին կողմէ ներկայացուեցաւ Ղասսան Ռահպանին իբրեւ արուեստագէտ ընտանիքի մը յատկանիշը իւրացուցած նորօրեայ արուեստագէտը։Հայասէր եւ հայ մշակոյթը արժեւորող Ղասսան Ռահպանի հաճելի ոճով եւ իւրայատուկ վերլուծումով ներկայացուց անկախութեան գաղափարը՝ շեշտը դնելով «Անկախութիւնը չի տրուիր, այլ կը խլուի» նշանաբանին վրայ։ Ան աւելցուց, որ բացարձակ անկախութիւն չկայ, եւ ինչպէս բոլոր երկիրներու պարագային, Լիբանանի քաղաքական հարցերուն միջամուխ եղողներ պիտի ըլլան։ Ան իր խօսքին մէջ արժեւորեց Լիբանանի ներկայ անկախութիւնը, որ կը ղեկավարուի լիբանանցիներով։Հետաքրքրական էր Ղասսան Ռահպանիին մօտեցումը հայ պատկանելիութեան առնչութեամբ, որովհետեւ մեզ՝ հայերս «յանդիմանեց»՝ ըսելով, թէ՝ «Դուք կը տառապիք բարդոյթէ մը, երբ որդեգրած էք «լիբանանցի ենք, ծագումով հայ» բացատրութիւնը։ Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ հայ ժողովուրդի զաւակներն էք եւ պէտք է ըսէք «Հայ եմ»։Աշակերտներուն կողմէ բուռն ծափահարութիւններու արժանանալէ ետք վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Մարալ Տէյիրմենճեան Ղասսան Ռահպանիին յանձնեց յուշանուէր մը, որուն վրայ արձանագրուած էր «Յանդուգն արուեստագէտ» մը ըլլալու գնահատական խօսքը։

Няма коментари:

Публикуване на коментар