петък, 12 декември 2008 г.

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ




12/08/2008

Երկուշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2008-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հանդիպում:
Հանդիպման ներկայ էին Խորհուրդի կաթոլիկ եկեղեցիներու նախագահը Մաթար Արքեպիսկոպոս, ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Կրկէս Սալեհ, տնտեսական յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Դոկտ. Հապիպ Պատր եւ ուրիշներ:
Հանդիպման ընթացքին ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վերջին ամիսներու գործունէութեան գլխաւոր երեսներուն, ինչպէս նաեւ շորրջ երկու շաբաթներ առաջ Պէյրութի մէջ Խորհուրդի տնտեսական օժանդակութիւն կատարող արեւմտեան եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած համդիպման: Յայտնենք, որ միջազգային տնտեսական տագնապը նաեւ իր անդրադարձը ունեցած է Խորհուրդի կեանքին: Այս կացութեան դիմաց առնուեցան կարեւոր որոշումներ երկու հանգրուանով գործադրելի: Հանդիպման ընթացին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հեռախօսային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ երկու խորհուրդներուն միջեւ գործացկութիւնը աւելի ծաւալելու հեռանկարներուն շուրջ:

Няма коментари:

Публикуване на коментар