петък, 12 декември 2008 г.

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՖԷՅՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԻՋԵՒ






















12/12/2008







Ուրբաթ 12 Դեկտեմբեր 2008-ին, Մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ, Պքէրքէ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Մարոնիներու պատրիարք Ն.Ա. Նասրալլա-Պութրոս Սֆէյր պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեան եւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան:
Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ այս հանդիպումը կ’իյնար, Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին, ուր Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ անդրադարձած էր նաեւ Լիբանանին:
Խօսակցութեան նիւթ դարձան Վեհափառ Հայրապետին վատիկանեան հանդիպումները, քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի առնչուած երեսները:
Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ թէ՜ Պապին եւ թէ արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու կարտինալին հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակը:
Երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան, շեշտեցին ներքին միասնականութիւնը ու երկրին ապահովութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու հրամայականը:






Няма коментари:

Публикуване на коментар