вторник, 16 декември 2008 г.

Ծառայութեան Ճամբով Հոգեւոր Աճ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՒԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ

ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԱՇՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռին Անթիլիաս հաստատումը բնական արդիւնքն էր պատմական բախտորոշ դէպքերու եւ նոյնքան մըն ալ սփիւռքացած մեր ժողովուրդի պահաջներուն, հոգեմտաւոր կարիքներուն։ Այս բովանդակութեան մէջ, երջանկայիշատակ Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոսը ունեցաւ կամրջողի դեր ու նոր մեկնակէտ մը արձանագրեց մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Անթիլիասը դարձաւ յատկապէս Սփիւռքի հայութեան նոր փարոսը, որմէ արձակուող լոյսը տարածում գտաւ Թեմերուն ճամբով ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափը հասաւ Արեւմտեան Թեմի հաստատումով։Պատմական անկիւնադարձ մը կերտող երջանկայիշատակ վեհափառին ապրած դժուարին պայմանները, ինչպէս ծանօթ է, բազում էին. թէեւ ան իր կողքին նշանակած էր աթոռակից կաթողիկոս մը, սակայն անոր տրտմութիւններու շարքին աւելցաւ հատ մըն ալ, երբ աթոռակիցը վախճանեցաւ 1936 թուին, հինգ տարիներու հարուստ վաստակ մը ձգելով ետին։ Անոր փոխարէն, կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ կը նշանակուի Տ. Պետրոս Արք. Սարաճեանը՝ Կիպրոսի Առաջնորդը։Սահակ Բ. մեծանուն Կաթողիկոսը կը վախճանի 1939ին։ Իրեն կը յաջորդէ Տ. Տ. Պետրոս Ա. Կաթողիկոսը, որ դժբախտաբար կը վախճանի յաջորդ տարի, 1940ի Սեպտեմբերին։ Համաշխարհային Բ. պատերազմը ծագած էր։ Նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը կարելի կը դառնայ միայն 1943ին։ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդը՝ Տ. Գարեգին Արք. Յովսէփեանց կաթողիկոս կ՚օծուի երկու տարի ետք, 1945ի Ապրիլին։ Անոր գահակալութեան շրջանին )1945էն 1952(, Կաթողիկոսութիւնը կ՚ունենայ մշակութային ծաղկում։ Կաթողիկոսը՝ ինք, գիտնական մըն էր։ Զարկ կու տայ դպրեվանքին, կ՚արդիականացնէ տպարանը եւ թափ կու տայ հրատարակչական գործին։ Արժէքաւոր հատորներ լոյս կը տեսնեն։ Կաթողիկոսարանի ամսաթերթը աւելի բովանդակալից կը դառնայ։ Դպրեվանքի ուսանողներուն թիւը կը բարձրանայ եւ Ս. Աթոռի գործունէութեան դաշտը կ՚ընդարձակուի։ Անոր վախճանումէն ետք, չորս տարիներ կը սահին, մինչեւ յաջորդին՝ յանձին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան սրբակրօն երիտասարդ կաթողիկոսին ընտրութիւնը եւ օծումը )1956ին(։ Խոր նուիրումի տէր հոգեւորական մըն էր ան, որուն քաջ ծանօթ էր այս տողերուն հեղինակը։ Զարեհ Վեհափառը դպրեվանքի առաջին շրջանաւարտներէն էր։ Ան Բերիոյ Թեմին առաջնորդութիւնը վարած էր շուրջ 16 տարի։ Իր օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակից դարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումին, Ս. Աթոռի միաբանները սքանչելի աշխատանք տարին այդ ուղղութեամբ։ Անոր ազնուական նկարագիրն ու բարի հոգին խորապէս ազդեցին դպրեվանքի ուսանողներուն վրայ, որոնք քաջաբար մտան հայ եկեղեցւոյ քաղցր լուծին տակ։ Անոր անակնկալ վախճանումը, 48 տարեկանին, 18 Փետրուար 1963ին, խորապէս խոցեց սիրտը համայն հայութեան։ Երջանկայիշատակ Զարեհ Վեհափառը համակ սէր էր ու բարութիւն։ Ան իր սիրտն ու ականջը հայրաբար կը բանար Կիլիկեան կաթողիկոսութեան հովանին փնտռող հատուածներու, որոնք պաշտօնական դիմունագիրով կը բացատրէին Վեհափառին, թէ ինչպէս ներքին թեմական ու ծխական խլրտումներու եւ անհասկացողութիւններու պատճառով՝ դուրս ձգուած են եկեղեցիներէն, զրկուելով խորհրդակատարութիւններէ, Ս. Հաղորդութենէ եւ եկեղեցի յաճախելու առիթէն։ Անցնինք Երջանկայիշատակ Զարեհ Վեհափառի յաջորդին։1963ին, կաթողիկոս կ՚ընտրուի Տ. Խորէն Արք. Բարոյեան։ Իր հովուապետական առաջնորդութեամբ, կաթողիկոսութիւնը դրական ու շինարարական բեղուն շրջան մը կը բոլորէ ի ծառայութիւն ամենակալ Աստուծոյ եւ Հայ ժողովուրդին։ Շնորհիւ իր նկարագիրին, Վեհափառը յաջողած էր Կիլիկեան Աթոռը օժտել նիւթական ամուր ապահովութեամբ։ Եթէ Խորէն Վեհափառը չդասաւանդեց ուսանողներու, բայց խօսեցաւ հայ ժողովուրդին զաւակներուն։ Եթէ գիրքեր չգրեց եւ չհրատարակեց, փոխարէնը շինարարական գործով զբաղեցաւ եւ շինել տուաւ եկեղեցիներ ու բարեզարդեց՝ Լիբանանի Թեմի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ զսպանակիչ ուժը հանդիսացաւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու սրբազան գործին։ Կիլիկեան Ս. Աթոռի յաջորդականութիւնը ապահովելու մտադրութեամբ, ան աթոռակից նշանակեց Տ. Գարեգին Արք. Սարգիսեանը՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի օրուան Առաջնորդը, 22 Մայիս 1977ին։ Մայիս 29ին ալ Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ աթոռակից կաթողիկոսին օծումը կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան անդամ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու եւ ներկայութեամբ բազմահազար հաւատացեալներու։Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսը 1983ին յաջորդեց երանաշնորհ Տ. Խորէն Կաթողիկոսին։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Օքսֆորտի համալսարանին մէջ։ Դասաւանդած է եկեղեցւոյ պատմութեան ու աստուածաբանական նիւթեր։ Տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած է դպրեվանքին մէջ։ Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ան 18 տարիներու ընթացքին զգալի ներդրումներ ունեցաւ ազգային-կրօնական, մշակութային եւ հրատարակչական բնագաւառներուն մէջ։ Գործօն դեր ունեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ։ Իր հիմնական ուղղութիւնը եղած է եկեղեցական կեանքի վերանորոգումն ու վերաշխուժութիւնը։ Բազմաթիւ գիրքեր հրատարակած է աստուածաբանական, հայագիտական, փիլիսոփայական, բարոյագիտական եւ գրական նիւթերու մասին։ Սերունդէ սերունդ պիտի յիշուին իր պերճախօսական ճառերը, եւ ներհուն աստուածաբանի իր շնորհները։ Ան 1995ին ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, սակայն վաղահաս վախճանումով, առիթ չունեցաւ ցուցաբերելու իր բազմակողմանի հոգեկան ու իմացական շնորհները։ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը իր աչքերը փակեց 1999ին, Էջմիածնայ մէջ։Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Էջմիածնայ գահ բարձրանալէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին գահակալ ընտրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան ծնած է 1947ին, վարդապետ ձեռնադրուած է 1968ին։ 1968էն 1975 կը դասաւանդէ Պէյրութի Հայկազեան Քոլէճին մէջ։ 1978ին, տակաւին ուսանող Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լիբանանի Թեմի տեղապահ կ՚ընտրուի. այդ օրերուն, Լիբանան կը գտնուէր եղբայրասպան քաղաքացիական պատերազմի մէջ։ Լիբանանի հայութիւն, իր եկեղեցական-ազգային ու ընկերային կեանքերով, մատնուած էր վտանգալից կացութեան։ Տարի մը ետք կ՚ընտրուի Առաջնորդ։ 1980ին կը ստանայ Ծայրագոյն վարդապետի աստիճան, իսկ յաջորդ օրն ալ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ 1985ին կը ստանայ Արքութեան տիտղոսը։Արամ Ա. Վեհափառը կը մարմնաւորէ ուխտեալ ու հաւատաւոր եկեղեցականը։ 28 Յունիս 1995ին, ներկայութեամբ Տ. Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգ. Պատգամաւորական Ժողովը, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ զինք կ՚ընտրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս։ Օծումէն անմիջապէս ետք կը յայտարարէ. «Սրտիս բովանդակ զօրութեամբ կ՚ըսեմ.- ամբողջական ու յանձնառու ծառայութիւն՝ նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ, նոյն եւ մէկ հայրենիքի։ Անթիլիասը բոլորին է անխտիր, եւ անոր դռները բաց են բոլորին առջեւ»։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս մը, շրջապատուած պատրիարքներով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ու Ս. Էջմիածնի միաբանութիւններէն 12 եպիսկոպոսներով, կը մասնակցին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին ընտրեալ Կաթողիկոսի օծման արարողութեան։Ներհուն աստուածաբան Վեհափառը 1983ին կ՚ընտրուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրուդի վարչութեան անդամ, իսկ 1991ին ալ կ՚ընտրուի նախագահ՝ Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց։ Սիրոյ եւ խաղաղութեան ջահը ձեռքին, քաջարի Վեհափառը բազմաթիւ այցելութիւններով հանդիպումներ ունեցած է պետութեանց ղեկավարներու եւ կրօնական հաստատութեանց ներկայացուցիչներու հետ, կամուրջներ կերտելով նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններուն միջեւ։ Հաշտութեան ռահվիրայ՝ կը հաւատայ, որ խաղաղութիւն կը հաստատուի, եթէ մարդիկ հաշտարար ոգիով լեցուած խօսիլ սկսին իրարու հետ։ Այլ խօսքով՝ հաշտութեան բանալին Սէրն է։Ստեղծագործութեամբ, մարդ արարածին բնութիւն մը տրուած է, որ ըստ էութեան բարի է, քանզի ինչ որ Աստուած ստեղծած է, չի կրնար չար ըլլալ։ Մարդ արարածին բնութիւնը, սակայն, փոփոխական է, թէեւ կրնայ երանութեան հասնիլ, եթէ շարունակէ կապուած մնալ անփոփոխելի եւ գերագոյն Բարիին՝ Աստուծոյ։Սակայն հարկ է գիտնալ, որ մարդուն բնութիւնը չէ որ ընթացք կու տայ չարութեան, այլ՝ անոր ազատ կամքը։Չարին իշխանութեան ներքեւ կը տառապի երկրագունտը, կը տուայտի մարդկութիւնը։ Ստեղծուած աշխարհը ոչ միայն հետզհետէ անկատարելիութեան կը դիմէ, այլ նաեւ Աստուծոյ պատկերին նմանողութեամբ ստեղծուած մարդ արարածն ալ, իր գոյութեան նպատակէն կը հեռանայ արագընթաց, նաեւ ընտրելով վիրաւորուած ապրիլ ապականուած աշխարհի մը մէջ։ Սատանան է, ուրեմն, սկիզբը մարդկային դժբախտութեանց։ Հայց. Առաքելական եկեղեցին չի կրնար կրաւորական դիրք բռնել այս երեւոյթին դիմաց։ Մարդ արարածը գործիք դարձած է չարին ձեռքերուն մէջ։ Ու հակառակ անոր, որ գիտենք թէ համայն աշխարհը չարին մէջ է, գիտենք նաեւ, որ մենք ալ Աստուծմէ ենք )Ա. Յովհ. 5։19(։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է պատրաստուիլ պաշտպանութեան։ Շնորհն է մեր պաշտպանութեան ամրոցը։ Առաքինութեան զէնքերով զինուելու է, որպէսզի քրիստոնեան անխոցելի մնայ։ «Մէկդի նետենք խաւարի գործիքները եւ հագնինք լոյսի զրահը», կ՚ըսէ առաքեալը )Հռոմ. 13։13(։

Tuesday, December 16, 2008
ԱՍՊԱՐԷԶ

2 коментара: