вторник, 16 декември 2008 г.

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ, ՄԱՐՈՒԳԷ ՃԳՆԱՒՈՐԻ ԵՒ ՄԵԼԻՏՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ


12/12/2008

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսի յիշատակը:
Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2008-ին, յետ դասընթացքներուն, Դպրեվանեցիները Երեկոյեան Ժամերգութիւնը կատարելէ ետք, նաեւ կատարեցին Սուրբերուն յիշատակի Նախատօնակը:
Նոյն երեկոյ, Դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն, գեղարուեստական յայտագրով, թատերական ներկայացումով ու դասախօսութեամբ: Ժառանգաւորաց բաժնէն՝ Երրորդ ժառանգաւորացի սաները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիրը: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Դպրեվանքի հայոց լեզուի եւ Գրականութեան դասախօս՝ Տիար Սարգիս Կիրակոսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարտանաքեան Յակոբ: Ապա յաջորդաբար Ստեփանեան Յովհաննէս ներկայացուց Յակոբի կեանքն ու գործունէութիւնը, իսկ Քիւրքլեան Վիգէն ընթերցեց Ս. Աւետարանէն հատուած մը: Ս. Մարուգէ Ճգնաւորի եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց Սապունճեան Գարլոս, իսկ Նարեկ Աղօթամատեանէն հատուած մը կարդաց Ալթունեան Յովհաննէս: Կիրակոսեան Աբրահամ Ս. Յակոբին նուիրուած ՙՅաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ՚ շարականէն հատուած մը երգեց: Ապա ամբողջ դասարանին մասնակցութեամբ ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր, որ առնուած էր Ս. Յակոբի հրաշագործ կեանքէն:
Աւարտին Տիար Սարգիս Կիրակոսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց դպրեվանեցիներուն: Անդրադառնալով անոնց առաքինի վարքին ու հաւատացեալներու վրայ ունեցած ազդեցութեան, ան ըսաւ. ՙՍուրբերը նպաստեցին հայ ժողովուրդի հաւատքի աճման եւ բարօրութեան, իրենց կենցաղով, քրիստոնէավայել ներողամտութեամբ, եղբայրասիրութեամբ ու խոնարհութեամբ՚:
Եզրափակումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի Հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Մակար Աբղ. Աշգարեանի կողմէ: Ան գնահատեց Երրորդ ժառանգաւորացի սաները իրենց տարած աշխատանքին համար, ապա բոլորին ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ. ՙԱյսօր մենք հոգեպէս կ’ազդուրուեցանք մեր երանելի սուրբերուն վարքով ու սրբակեաց կենցաղով՚: Հայր Սուրբը կոչ ուղղեց դպրեվանեցիներուն հետեւելու անոնց օրինակին:

Няма коментари:

Публикуване на коментар