вторник, 16 декември 2008 г.

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԹԵՀՐԱՆՈՒՄ

12/14/2008

13-14 Դեկտեմբեր 2008, Թեհրանի մէջ, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Իսլամ-Քրիստոնեայ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին եւ Իրանի Իսլամական Մշակոյթի եւ Միջազգային Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Կեդրոնին մասնակցութեամբ:
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց):
Համագումարի դասախօսութիւններուն առանցքը կազմեց տարբեր կրօններու հետեւորդներուն միջեւ համակեցութիւնը: Սեպուհ Սրբազան դասախօսեց ՙՀայերը Իրանի մէջ - քրիստոնեայ-իսլամ համատեղ կեցութեան տիպար օրինակ՚ նիւթին շուրջ:
14 Դեկտեմբերին, նոյն կեդրոնէն ներս, Սեպուհ Սրբազան մասնակցեցաւ ուրիշ միջազգային համագումարի մըն ալ, որուն գլխաւոր թեման էր ՙՔաղաք եւ երկխօսութիւն՚ը:
Յայտնենք, որ Ե.Հ.Խ.-ին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Կրօնական Երկխօսութեանց Բաժանմունքին միջեւ երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը սկսաւ, Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ շուրջ տասը տարիներ առաջ եւ տարին անգամ մը հանդիպում տեղի կ’ունենայ հերթաբար Ժընեւի եւ Թեհրանի մէջ: Այս ծիրէն ներս շուրջ չորս տարիներ առաջ նախկին Նախագահ Խաթեմի այցելեց Ժընեւի Ե.Հ.Խ.-ի կեդրոնը եւ դասախօսութիւն տուաւ:

Няма коментари:

Публикуване на коментар