вторник, 16 декември 2008 г.

16 Դեկտեմբեր, Երեքշաբթի ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՄՆԱՅ




Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար, անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը վստահի:


Սաղմոս 112.7




Մեր կեանքը միշտ եղած է որոշ չափով պարզ: Երբ կինս եւ ես ամուսնացանք, երբէք հարստութիւն կամ փառք փնտրելու ետեւէ չէինք: Պարզապէս ձեւ մը կը փնտրէինք զԱստուած փառաւորելու, ինչ ալ ըլլար Իր տուածը մեզի՝ ընելու: Մինչ մեր զաւակները սկսան մեծնալ եւ ես սկսայ աշխատիլ, մեր նպատակը մնաց նոյնը՝ կեդրոնանալ զԱստուած փառաբանելու ճշմարտութեան շուրջ:




Սակայն, 2002-ին պատահեցաւ ամէնագէշը՝ մեր 17 տարեկան աղջկան՝ Մըլիսայի արկածամահ ըլլալը եւ անակնկալօրէն երկինք փոխադրուիլը:




Այդ անակնկալին առջեւ, մենք ստիպուեցանք վերատեսութեան ենթարկել ամէն բան: Կրնայի՞նք արդեօք որպէս մեծ կորուստի մատնուած ծնողներ, նոյն ձեւով փառաբանել զԱստուած: Կամ այ անկրելի եւ դառն կացութեան առջեւ, թոյլ պիտի տայի՞նք, որ կեանքի մեր նպատակը փոխուէր:




Տիկնոջս հետ, երկար ատեն խոկումներ ունեցանք այդ հարցին շուրջ: Երբ Անոր, որուն վստահած ես զաւակներդ, թոյլ կու տայ, որ անոնցմէ մէկը այդպէս անակնկալօրէն առնուի մեզմէ, այլեւս դիւրին պիտի ըլլար դադրիլ վստահելէ, ծառայելէ եւ ուրիշները Իրեն առաջնորդելէ: Սակայն, սաղմոսերգուին խօսքերը ցոյց տուին մեզի շիտակ ճամբան. «Ան յաւիտեան պիտի չսասանի ... Անոր սիրտը հաստատ է» (Սաղմ. 112.6-7): Ուրեմն, որքան ալ դժուարին հարցեր դիմագրաւելու ըլլանք, կրնանք «հաստատօրէն Տէրոջ վստահիլ»: Նոյնիսկ «չարագուշակ լուրերու» առջեւ, մեր գործն է Զինք փառաւորել:




ՑԱՒԻ ԱՏԵՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՄԵԶԻ Կ'ՕԳՆԷ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՄԵՐ ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆԸ:

Няма коментари:

Публикуване на коментар