вторник, 16 декември 2008 г.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՒԼՈՍ ՄԱԹԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ





12/13/2008


Շաբաթ 13 Դեկտեմբեր 2008-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրները: Խօսակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներուն գործունէութիւնը, որոնք նոր ծրագրաւորման ենթարկուած էին Ընդհանուր Ժողովէն ետք, երբ Նորին Սրբութիւնը ընտրուած էր Խորհուրդի չորս նախագահներէն մին:
Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ անցնող ամիս Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան, եւ կարգ մը մանրամասնութիւններ հաղորդեց Մաթար Եպիսկոպոսին, որոնք տեղական ու շրջանային մակարդակի վրայ գործակցութեան նոր կարեւորութիւններ կրնան ստեղծել:

Няма коментари:

Публикуване на коментар