петък, 19 декември 2008 г.

«Բարի Գործերու Ծառայութեան» Մրցանակներ Կը Յանձնուին Հայ Աշակերտներու

Դեկտեմբեր 8ի երկոյեան, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու արձանագրած իրագործումներուն նուիրուած երեկոյ մը, որուն հիւրընկալն էր Հայ արհեստավարժներու միութիւնը: «Բարի գործերու ծառայութեան» մրցանակ տրուեցաւ արժանաւոր 6 ուսանողներու՝ Ռոզի Ճանէզեան («Ֆերահեան»), Նաթալի Մաճառեան («Յովսէփեան»), Նաթալի Փոստալճեան (Կրէնատա Հիլզի «Չարթըր»), Թանիա Մուխթարեան (ՀԲԸՄի Փասատինայի երկրորդականէն), Սէրլի Փոլատօղլու եւ Անի Շիրվանեան («Մանուկեան-Տէմիրճեան»):

Սիլվա Նաթալի Մանուկեան հակիրճ պատմականը ըրաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան եւ ներկայացուց անոր առաքելութիւնը՝ քաջալերել յառաջադէմ ուսանողներուն, որպէսզի իրենց նախընտրած ասպարէզին մէջ մասնագիտանան:Մրցանակները բաժնուեցան ձեռամբ առաջնորդին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին յանձնեց մետալ մը, վկայագիր մը, Ս. գիրք մը եւ փայտեայ հայկական խաչ մը:

Wednesday, December 17, 2008

Няма коментари:

Публикуване на коментар