петък, 19 декември 2008 г.

Գոհաբանութեան Օրը Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մէջ

Ինչպէս այլուր Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը եւս Գոհաբանութեան օրուան առիթով կազմակերպեց միջոցառումներ: Նոյեմբեր ամսուան աշակերտական պատարագը նուիրուած էր այդ տօնին՝ Աստուծոյ փառք տալու եւ դարձեալ անդրադառնալու բոլոր այն բարիքներուն, զորս կը վայելենք մեր կեանքին մէջ: Պատարագին կը ծառայէին վեցերորդ դասարանէն Նարեկ Պուլտուքեան եւ Խաչիկ Բաբիսեան, իսկ Ալեք Քիլիսեան եւ Դալար Լեւոնեան օրուան յատուկ աղօթքներ կարդացին, ապա աշակերտները հաղորդուեցան՝ Անտոն վրդ. Սարոյեանի օրուան իմաստը մարմնաւորող քարոզէն ետք։

26 Նոյեմբերի առաւօտեան աղօթքի ժամուն սրահը զարդարուած էր: Իւրաքանչիւր դասարանէ ներկայացուցիչ մը կարդաց գոհունակութեան աղօթք մը եւ խնդրանք մը ներկայացուց առ Աստուած։ Գոհաբանութեան օրուան իմաստը եւ պատմականը ներկայացուցին առաջին դասարանի փոքրիկներ:

Նոյն օրը, Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամները դպրոցի խոհանոցը պատրաստուած համեղ հնդկահաւերով հիւրասիրեցին աշակերտները, ապա տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան Գոհաբանութեան տարեկան ճաշը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը փոխանցեց իր մաղթանքն ու գոհունակութիւնը։

27 Նոյեմբերին, վարժարանէս աշակերտական խումբ մը, ընկերակցութեամբ Միջնակարգի հայերէնի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեանի, վարժարանս ներկայացուց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած թելեթոնին 4000 տոլարի նուիրատուութեամբ։

Վարժարանիս մեծ ընտանիքի Գոհաբանութեան օրուան ճաշը աւելի կանուխ տեղի ունեցաւ՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, վարժարանիս գեղեցկօրէն զարդարուած «Դանիէլեան» սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ էր շրջանս հիւրաբար գտնուող Անարատ յղութեան միաբանութեան մեծաւորուհի մայր Եւթոքսիա Քէշիշեան, որ կատարեց Գոհաբանութեան աղօթքը: Յիշենք, որ մայր Եւթոքսիա նախապէս վարժարանիս տնօրէնուհին էր։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներէն Տիգուկ Պաստէքեան, որ բացատրեց, թէ օրուան հանդիսութիւնը հանգանակային նպատակ ունի եւ հասոյթը պիտի օգտագործուի վարժարանի ճաշարանի բարեզարդման համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ աշակերտական հագուստներու ցուցադրութիւն, որուն համար հագուստներ տրամադրած էր «Փամփքին փէ»չ վաճառատունը:

Ճաշին ընթացքին ելոյթ ունեցան վարժարանիս պարախումբի աղջիկները, որոնք, պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեանի ցուցմունքներով, նազանքով կը պարէին հայկական պարեր:

Շնորհակալութիւն ձեռնարկին մասնակցած բոլոր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ մանաւանդ Ծնողաօժանդակ մարմինի վարչութեան եւ անոնց շուրջը բոլորուած կամաւորներուն, որոնք իրենց կարելին չխնայեցին ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակելու համար, քաջ գիտնալով, որ հայ վարժարանի հիմնադրութեան չափ կարեւոր է նաեւ վարժարանը կանգուն պահելը՝ այլազան միջոցներով ապահովելու նիւթական անոր ատաղձը։

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Wednesday, December 17, 2008

Няма коментари:

Публикуване на коментар