петък, 19 декември 2008 г.

«Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Շաբաթ» Կիպրոսի Թեմին Մէջ

ԿԻՊՐՈՍ.- 2008 տարին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի հռչակուելուն առիթով, Կիպրոսի հայ թեմը, հովանաւորութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ միացեալ գործակցութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ Կիպրոսի Ազգ. իշխանութեան Կրօնական ժողովին, Նոյեմբերի վերջընթեր շաբաթը՝ 19-23 Նոյեմբեր, Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Կիպրոսի մէջ:

Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Թորգոմ աբղ. Տօնոյեան դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ Կիպրոսի երեք քաղաքներուն մէջ՝ Նիկոսիա, Լառնագա եւ Լիմասոլ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարին առիթ՝ մտերմանալու Աստուածաշունչին հետ»։ Այս շրջագիծէն ներս, հայր սուրբը նաեւ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, նիւթ ունենալով «Աստուածաշունչը, Հայ եկեղեցին եւ բարոյագիտական հարցեր»: Ան այցելեց «Նարեկ» վարժարան եւ մանուկներուն ու պատանիներուն խօսեցաւ անոնց քրիստոնէական կազմաւորման մասին։

«Քրիստոնէական դաստիարակութեան շաբաթ»ը իր աւարտին հասաւ կիրակնօրեայ ուխտի պատարագով, որ կը զուգադիպէր Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնին։

Wednesday, December 17, 2008

Няма коментари:

Публикуване на коментар