петък, 19 декември 2008 г.

Սուրբ Ծննդեան Ընդունելութիւն

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ Յունուար 6, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդին հիւրընկալութեամբ ընդունելութիւն մը, երեկոյեան ժամը 6էն 9: Ընդունելութիւնը սրտաբաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, առիթ մը ստեղծելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միեւնոյն ատեն գնահատելու թեմէն ներս տարուող աշխատանքները:
Երեկոն պիտի սկսի առաջնորդին գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ, ապա պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:

Няма коментари:

Публикуване на коментар