събота, 20 декември 2008 г.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մօտ Անգլիոյ Լիազօր Դեսպան Չարլս Լոնստէյլ 18 Դեկտեմբեր 2008, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան։

Յանուն Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր, Լիազօր Դեսպանը ընդունուեցաւ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգարժան հիւրը նախ բացատրեց թէ իր քաղաքս գտնուած օրերէն օգտուելով փափաքած է այցելել Պատրիարքարան ու ծանօթանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ Քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։

Ան, տեղեկութիւն ստացաւ Ամենապատիւ Տիրոջ առողջական վիճակին մասին։ Ապա հիւր Լիազօր Դեսպանը Արամ Սրբազան Հօրմէ ստացաւ Ստանպուլի Հայ համայնքի ու անոր հարցերուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար ու մեկնեցաւ։

Няма коментари:

Публикуване на коментар