неделя, 14 декември 2008 г.

Ո՞վ է Հրանդ Տինք, Ըստ Իր Ուսուցիչին՝ Հրանդ Կիւզէլեանի

15 Սեպտեմբեր, 1954-ին Մալաթիա քաղաքին մէջ ծմած հայ մը, որ 1961-ի ատենները Պոլիս գաղդած է ընտանիքով: Երբ եօթ տարեկան էր մայրը բերաւ Կ. Պոլսի Կէտիկփաշայի մեր՝Հայ Աւետարանական եկեղեցի, որ մեր խնամքին տակ գտնուող գաւառացի տղոց բնակարանը ընդունիմ: Պատասխանեցի, թէ մեր նպատակը Անատոլուի մէջ մնացած հայ մանուկը փրկել է, որոնք օր ըստ օրէ կ՛իսլամացուին ու կը թրքացուին: Ըսաւ, թէ այս տղուն հայրը Բողոքական է պէտք է ընդունիս, մերժեցի պատասխանելով, թէ մեր նպատակը Աւետարանականները հաւաքելը չէ. այս տղոցը բոլորն ալ հայ են, ունինք նոյնիսկ Կաթողիկէ տղաք եւ Ասորիներ: Առաքելականն ալ, Կաթողիկէն ալ ու Աւետարանականն ալ Հայ են: Մենք ոչ մէկ խտիր կը դնենք, ոչ ալ կողմնակցութիւն կ՛ընենք:Օրեր անցան, երբ լսեցի թէ հայրը անգործ ըլլալուն, մայրը փողոց ձգած է Հրանդը եւ իրմէ պզտիկ երկու եղբայրները Խոսրովը մօտ 6, իսկ Երուանդը 4 տարեկան: Դրացիներու խնդրանքին վրայ երեքն ալ ընդունեցի Կէտիկփաշայի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին հովանաւորութեան տակ գտնուող Պատանեկան Տան մէջ (Պատանեկան Տունը հիմնուած էր 1957-ին վերոյիշեալ եկեղեցիին հոգաբարձութեան ձեռնարկով, որուն նպատակն էր գաւառներէն հայորդիներ բերել եւ հայեցի ու քրիստոնէական կրթութեամբ դաստիարակել, նկատի ունենալով, որ գավառներուն մէջ ոչ եկեղեցի մնացած էր ոչ ալ դպրոց):Հրանդը եւ Երուանդը ութը տարի մեր խնամքին տակ գտնուեցան, Խոսրովը նախակրթարան աւարտելէ ետք Այնճար ղրկեցի ուսումը շարունակելու համար, որով երեքն ալ դաստիարակուեցան հայեցի ու քրիստոնէական կրթութեամբ: Հրանդը նախակրթարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր ուսումը շարունակեց Պէզճեան վարժարանին մէջ (Հայոց Պատրիարքարանի հովանու ներքո գտնուող կրթական հաստատութիւն), միշտ մնալով Պատանեկան Տան խնամքին տակ: Լիսէի բաժինը Սբ. Խաչ Դպրեվանքի մէջ շարունակեց միայն երկու տարի, յետոյ թրքական Լիսէ եւ Համալսարան: Վկայական ստացաւ Կենդանաբանական ճիւղէն եւ շարունակեց ուսումը Գրական ու Փիլիսոփայական ճիւղերուն մէջ:Ուսանողութեան շրջանին ամուսնացաւ Ռաքէլ անուն աղջկան մը հետ, որ 1968-ին Սիլոբի կոչուած վայրը գացեր ու քսան մանուկներ արձանագրեր էի, որոնց երեքը Ռաքէլ ու իր երկու եղբայրներն էին, որոնց մայրը կանուխ մահացած էր: Հրանդը ծանօթացած էր Ռաքէլի, երբ երկուքն ալ մեր խնամքին տակ կգտնուին: Հրանդ Տինքը ակտիվ մասնակցութիւն ունենալով Հայ Աւետարանական եկեղեցու կողմե ստեղծված մանուկներու ամառնային հանգիստի ՔամփԱրմենի (ճամբար) մէջ, որ կգտնվեր ծօվեզերքին մոտ՝ Թուզլա բնակավայրում: Նա սկզբում որպես, մանուկ, պատանի կհանգստանար ճամբարում, եղավ ջոկատավար, իսկ ավելի ուշ դարձավ ճամբարի ընդհանուր պատասխանատուներէն մեկը:Հրանդ Տինքը որոշ ժամանակ եղաւ Կէտիկփաշայի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին հոգաբարձութեան մեկ անդամը:Հրանդը գրենական պիտոյքներու վաճառատուն մը բացաւ եւ տարիներ վերջ, 5 Ապրիլ 1996-ին սկսաւ հրատարակել ԱԿՕՍ շաբաթաթերթը, 12 էջնոց թերթ մը՝ միայն 2 էջ հայերէն եւ մնացեալը թրքերէն ըլլալով: Եւ առաջին մէկ օրէն սկսաւ Հայոց պատմութիւնը թրքերէնով հրատարակել, որպէսզի Թուրք լրագրողներ եւ Թուրքեր կարդան եւ գիտակցին, թէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր Հայեր կ՛ապրէին՝ ներկայիս Թուրքեայ կոչուած տարածքին վրայ, բայց այժմ Հայ ժողովուրը այդ հողերուն վրայ չգտնուիր:

Հրանդ Կիւզէլեան



Няма коментари:

Публикуване на коментар