сряда, 17 декември 2008 г.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

12/16/2008
Երեքշաբթի գիշեր, 16 Դեկտեմբեր 2008-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ Դոկտ. Պոնտեւիքը: Վեհափառ Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Պոնտեւիք Նորին Սրբութեան պարզեց միջ-կրօնական, մարդկային իրաւանց եւ խաղաղութեան շրջագծէն ներս իր կարգ մը ծրագիրները:
Յայտնենք որ Պոնտեւիք իր վարչապետութեան շրջանի աւարտին, հաստատած էր ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մը Օսլոյի մէջ, որուն նպատակն է մարդկային իրաւանց ու խաղաղութեան եւ արդարութեան կապուած ծրագիրներ մշակել:
Նախկին վարչապետը միօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան, տեսակցութիւններ ունենալու պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:


Няма коментари:

Публикуване на коментар