ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԱՇՃԵԱՆ
Ա.Կ՚ըսուի թէ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը կազմուիլ սկսած է 1800ական թուականներուն, թէեւ հայեր եղած են 17րդ դարու սկիզբներուն, նաեւ անկէ վերջ հայեր պատահաբար եկած են այս ափերը։Մեր նպատակը եղած է գիտնալ թէ հայ եկեղեցին ե՞րբ կազմուիլ սկսած է Ամերիկայի մէջ։
1800ական թուականներուն, հայեր սկսած են Ամերիկա հասնիլ եւ բնակութիւն հաստատել Մէսէչուսէց եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներուն մէջ, որոնք իրարմէ կէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ Ուստըր եղած է սկզբնական շրջանի ամենէն բազմամարդ հայ գաղութը։ Հոս կը գտնուէր հայ բողոքական եկեղեցի մը։ Առ ի չգոյէ հայեր կը սկսին հոն յաճախել. քարոզիչը Ասատուր Անդրէասեան անունով պատուելի մը եղած է։ 1888ին Կիրակի օր մը, պատուելին անարգական յայտարարութիւն մը կը կատարէ հայ եկեղցւոյ հասցէին։ Ասոր վրայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հայերը կ՚ընդվզին եւ առ ի բողոք դուրս կ՚ելլեն եկեղեցիէն։ Ապա կը սկսին յաճախել Եպիսկոպոսական եկեղեցի մը, որուն հովիւը՝ Թամսէն, սիրով կ՚ընդունի հայերը։ Մի քանի անգամ շրջանի իրլանտացի երիտասարդները ծեծած կ՚ըլլան հայերը, կարծելով թէ ասոնք Քրիստոնէացած թուրքեր են։ Թամսէն կը տեղեկանայ կացութեան եւ հայրաբար հայերուն կը թելադրէ, որ միայն եկեղեցի մը ունենալով է որ դրացիները ձեզ յարգել կը սկսին, իսկ կառավարութիւնն ալ ձեզ կ՚ընդունի որպէս Ամերիկահայեր եւ գաղթականներ։ Դժբախտաբար, քանի որ Ամերիկա մուտք գործող հայեր առհասարկ Թրքահայաստանէն եկած կ՚ըլլան եւ թրքական անցագիրերով կը մտնեն Միացեալ Նահանգներ, տոմարներու մէջ ալ որպէս թուրքեր կը ճանչցուին։ Հայեր կը համաձայնին Թամսէնի առաջարկին եւ նամակ կը ղրկեն Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան։ Թրքական օրէնքին համաձայն, Թրքահայաստանի մէջ ապրող հպատակ հայերը իրաւունք չունէին Էջմիածին կամ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարաններուն դիմելու կրօնական որեւէ հարցով։
Օրուան Պատրիարքը՝ Տ. Խորէն Աշըգեան Եպիսկոպոս )1888-1894(, ընթացք կու տայ դիմումնագրին եւ Ամերիկա կ՚ուղարկէ Երուսաղէմի ժառանգաւորացի սան, քառասնամեայ հոգեւորական մը, Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Սարաճեան անունով։ Հայր Սուրբը Ուստըր կը հասնի 1889 թուի Յուլիսին եւ իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցանէ Ուստըրի մէջ։ Գործը յառաջ տանելու համար, հոգաբարձութիւն մը կը կազմէ։ Կ՚այցելէ Պոսթըն, Փրավիտէնս եւ Նիւ Եորք ու կը պատարագէ յիշեալ քաղաքներուն մէջ։ Ուստըրի մէջ ժողով մը կը գումարեն եւ կ՚որոշեն եկեղեցի մը շինել։ Տարի մը վերջ հարցը կը լրջանայ, հանգանակութեան մը կը ձեռնարկեն եւ եկեղեցւոյ կառուցումը ճամբու կը դրուի։ Կ՚աւարտի շինարարութիւնը ու Ամերիկահայոց առաջին եկեղեցին կ՚ըլլայ. օծումը կը կատարուի 18 Յունուար 1891ին եւ կը կոչուի Ս. Փրկիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցի։ 1893ին Սարաճեան վարդապետը կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ Պոլիս։ Ուստըրի հոգաբարձութիւնը դարձեալ դիմում կը կատարէ Կ. Պոլիս. կ՚առաքուի Մաղաքիա Ծ. Վրդ. Տէրունեանը, որ իր պաշտօնին կը ձեռնարկէ 1894 թուի Մարտին։ Շուտով դժգոհութիւններ կը ծագին եւ Տէրունեան վարդապետը 1897ին կը մեկնի Էջմիածին։ Էջմիածնայ մէջ, Խրիմեան Հայրիկ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Սարաճեան եւ Տէրունեան վարդապետները։
1897ի Մայիսին Տէրունեանի յաջորդը՝ Տ. Մաշտոց Վրդ. Փափազեանը Ամերիկա կը ժամանէ, որպէս Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հովիւ։ Մինչ այդ, Ամերիկայի հայութեան թիւը կ՚աճի եւ 1898ին արդէն իսկ 15,000ի կը հասնի։ Այդ թուականներուն գաղթականներուն հետ միասին Ամերիկա կը հասնէին բազմաթիւ հոգեւորականներ.-
Տ. Վահան Քհնյ. Մսըրլեան՝ Ուէսթ Հոպոքէնի ծուխին
Տ. Ստեփան Քհնյ. Տէր Ստեփանեան՝ Լովէլ եւ Լորէնսի ծուխին
Տ. Խադ Վրդ. Մարգարեան՝ Մանչեսթըր Նիւ Համշըր ծուխին
Տ. Վաղինակ Վրդ. Սեւակեան՝ Փրավիտէնսի համար
Տ. Ահարոն Վրդ. Մելգոնեան՝ Ֆրէզնոյի համար
Ուրեմն՝ 1898ի վախճանին Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունէին հայկական մէկ եկեղեցի եւ վեց հոգեւորականներ։
Թեմական կազմակերպութեան առաջին փորձը կը կատարուի 1897 Դեկտեմբեր 1ին, երբ Մաշտոց եւ Վաղինակ վարդապետները շրջաբերականով մը, ամերիկահայութեան կը յայտարարէին, որ Ամերիկան չորս Թեմերու պիտի բաժնուի հետեւեալ կարգադրութեամբ.-
ա( Մէսէչուսէց նահանգ - Տ. Մաշտոց Վրդ.
բ( Ռոտ Այլընտ նահանգ - Տ. Վաղինակ Վրդ.
գ( Շիքակօ եւ Միջին արեւմուտք – Տ. Խադ Վրդ.
դ( Ֆրեզնօ եւ Գալիֆ. նահանգ - Տ. Անտոն Վրդ.
Ծրագիրը կը ձախողի, երբ Խադ վարդապետը, բազում վէճերէ ետք, Նիւ Եորք կ՚երթայ , իսկ Մաշտոց վարդապետն ալ կը հրաժարի Ուստըրէն եւ երկրէն կը հեռանայ։ Որովհետեւ Ամերիկայի հայ համայնքները թրքահայերէ կազմուած էին, ուստի պարտաւոր էին Պոլսոյ Պատրիարքութեան ենթարկուիլ եւ անոր որոշումները գործադրել։ Այլ խօսքով Պոլիսն է որ ուզած հոգեւորականը կը ղրկէ։ Երբ Ուստըրը կ՚որոշէ նոր խնդրագիր մը ներկայացնել, Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռին համար նոր Պատրիարք մը ընտրուած էր, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։ Վերջինս, հմուտ աստուածաբան, բանասէր եւ վարչագէտ հոգեւորական մըն էր, որ ապագայի մասին կը մտածէր, ուստի թելադրեց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ Էջմիածնայ հովանաւորութեան ներքեւ առնուին Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հայ համայնքները։ Խրիմեան Հայրիկ կը համաձայնի եւ կը նուիրագործէ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու առաջնորդութիւնները։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը 1898 Յուլիս 2ին, կոնդակով մը կը հռչակէ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Թեմի կազմութիւնը։ Մինչ այդ, Ուստըրը պաշօնապէս հովիւ չունէր։ Ուստի հոգաբարձութիւնը կ՚որոշէ դարձեալ Տ. Յովսէփ Եպս. Սարաճեանը հրաւիրել։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով մը Տ. Յովսէփ Եպս. Սարաճեանը Ամերկա կ՚ուղարկէ, որպէս հայ եկեղեցեւոյ Թեմի առաջին Առաջնորդը։ Սրբազանը ճամբայ կ՚ելլէ Ս. Էջմիածնէն եւ ճամբուն վրայ կ՚այցելէ կարգ մը հայկական կեդրոներ, ուստի նորակառոյց եկեղեցւոյ համար հանգանակութիւններ ալ կ՚ընէ, Նիւ Եորք կը հասնի 7 Հոկտեմբեր 1898ին եւ կը պատարագէ 16 Հոկտեմբերին։ Այդ օր Խադ վարդապետը, որ անցած էր Նիւ Եորք, Հայրիկի կոնդակը կը կարդայ, ուր ըսուած էր. «Ապա ուրեմն եւ դո՛ւ տարագիր հայ ժողովուրդ Ամերիկայի, լսի՛ր քո քաջ հովուի ձայնը, ետեւիր նորա առաջնորդող քայլերին, կատարիր նորա բարի կամքը եւ պահիր նորա բարի խրատը»։
Յովսէփ Սրբազան 23 Հոկտեմբերին Ուստըր կը հասնի ու կը դիմաւորուի ջերմ ընդունելութեամբ։ Հոս տեղին է յիշեցնել, որ իսկապէս գործունեայ, աշխատասէր, բարի եւ վարչագէտ հոգեւորական մը եղած է Յովսէփ Սարաճեան Սրբա զանը։ Մինչեւ 1906 թուականը, ութ տարիներու ընթացքին, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ արգելքներու, շատ արդիւնաւոր շրջան մը կը բոլորէ։ Վարդապետ կը ձեռնադրէ նախկին պատուելի՝ Կարապետ Մարտուկէսեան անունով հոգեւորական մը, զայն վերանուանելով Ղեւոնդ Վարդապետ։ 1900 թուի 14 Հոկտեմբերին, օծումը կը կատարէ Ֆրէզնոյի Հայոց Ս. Երրորդութիւն նորաշէն եկեղեցիին։ Առաջնորդական պաշտօնէն հրաժարելէ ետք ալ կ՚օծէ Նիւ Ճըրզիի Հոպոքէն քաղաքի եկեղեցիին, 1907ին, զայն կոչելով Ս. Խաչ։ Օծած է նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի Ֆաուլըր գիւղաքաղաքի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին 1910ին։ Յաջորդաբար Առաջնորդներ պաշտօնավարեցին. Հայց. Առաքելական եկեղեցին 1898 Յուլիս 2էն սկսեալ ունեցաւ հետեւեալ Առաջնորդները.-
1. Տ. Յովսէփ Եպս. Սարաճեան )1898-1906(, որուն օրով յայտնապէս եղած են կարգ մը դժուարութիւններ, սակայն Սարաճեան Սրբազանի խոհեմութիւնը մեծ դեր ունեցած է, եւ նոյն նուիրումով եւ սիրով շարունակած է իր պարտականութիւնը։
2. Տ. Եզնիկ Արք. Ապահունի )1908(, Եզնիկ Սրբազանը պաշտօնի ձեռնարկելէն ամիս մը յետոյ, Նիւ Եորքի Քարնեկի սրահին մէջ սարքուած հանդէսի մը ընթացքին, իր ճառին մէջ Թուրքիոյ վեհապետին համար բարի մաղթանքներ կատարելու անխոհեմութիւնը կ՚ունենայ, առանց անդրադառնալու, որ ներկայ ժողովուրդի բոլոր անդամները թրքական ջարդերէ ճողոպրած որբեր եղած են։ Հայը ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ իր տուած արեան գինը։ Առաջնորդին ճառը բողոքի արտայայտութիւններով կ՚ընդհատուի։ Նոյն տարուան Սեպտեմբեր 27ին, Սրբազանը կը հրաժարի պաշտօնէն եւ Կ. Պոլիս կը վերադառնայ։ Տեղապահութիւնը կը վարէ Պօղոս Վրդ. Գաֆթանեանը, որուն դէմ սակայն, հակառակութիւննեը կը շատնան։ 1910ին Ուէսթ Հոպոքէնի Երեսփոխանական Ժողովին կարգ մը ծուխեր Ուստըրի կը միանան եւ կը մերժեն Ճանչնալ Գաֆթանեանի հեղինակութիւնը։ Ժողովը կ՚ալեկոծի եւ անկարգութիւն մը ծայր կուտայ։ Պահ մը ետք, ժողովը Առաջնորդ կ՚ընտրէ Տ. Մուշեղ Եպս. Սերոբեանը, որ սակայն կը մերժէ ստանձնել պաշտօնը։ Կացութիւնը կը շարունակէ մնալ անկարգ եւ անկանոն եւ եկեղեցին կազմալուծման վտանգին կը մատնուի։ Իրաց այս կացութեան մէջ, 1913 թուին, Մայր Աթոռը լիազօր պատուիրակ կը նշանակէ Եւրոպայի Հայոց Առաջնորդը՝ Գէորգ Արք. Իւթիւճեանը, որ Յուլիսի վերջերուն Ուստըր կը հասնի, Սեպտեմբերին կը գումարէ Երեսփոխանական Ժողով եւ Առաջնորդ կ՚ընտրուի Արսէն Ծ. Վրդ. Վեհունին։ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը կը հաստատէ ընտրութիւնը։
3. Տ. Արսէն Ծ. Վրդ. Վեհունի )1913-1917(. Երբ նորընտիր Առաջնորդը պաշտօնին կը ձեռնարկէր, Թեմը քաոսային վիճակի մէջ էր։ Առաջնորդը կ՚այցելէ շրջաններու 13 ծուխերը եւ կը յաջողի հնազանդութեան հրաւիրել բոլոր անկարգ եկեղեցականները, կը հանդարտեցնէ ծուխերը ու կարգ ու կանոն կը դնէ Առաջնորդարանէն ներս։ Նոյն օրերուն, Երեսփոխանական ժողովը Առաջնորդարանին կը թելադրէ, որ պաշտօնապէս գործակցի Հայ Ազգային Մարմնին հետ, նկատի ունենալով հայկական ճգնաժամը։ Սակայն հարցերը կը բազմապատկուին, Առաջնորդը դժուարութիւններ կ՚ունենայ եւ ի վերջոյ Արսէն Ծ. Վարդապետը կը պաշտօնազրկուի 1917, Փետրուար 17ին գումարուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Տեղապահ կ՚ընտրուի Տ. Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեանը, որ այդ օրերուն Քալիֆորնիա կը գտնուէր։ Դժուարութիւնները կը բարդանան։ Դադարեալ Առաջնորդը կը մերժէ Առաջնորդարանը յանձնել։ 1917 Յուլիսին, Ուստըրի մէջ կը գումարուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով մը, որ նոր կեդրոնական վարչութիւն մը կ՚ընտրէ, միեւնոյն ժամանակ ընտրելով նաեւ հաշտարար յանձնախումբ մը, Թեմին միութիւնը վերահաստատելու համար։ Բաբգէն Սրբազան յանձն կ՚առնէ Առաջնորդարանի ընթացիկ գործերը վարել, մինչեւ որ Տեղապահ կ՚ընտրուի Պոսթընի հովիւ, Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանը։ Տեղապահութեան շրջանին մեծ պատերազմն ու Ռուսական յեղափոխութիւնը պատճառ կ՚ըլլան որ Ամերիկայի Թեմին եւ Մայր Աթոռին յարաբերութիւննրը դժուարութեանց բախին թղթակցութեանց յապաղումով։ 1918 Ապրիլ 7-8ին կը գումարուի Երեսփոխանական Ժողովը Ուստրի մէջ, նախագահութեամբ Տեղապահ Շահէն Ծ. Վրդ. Գասպարեանի։ Այս ժողովին կ՚որոշուի 21 տարեկանէն վեր կանանց քուէարկելու իրաւունք տրուի, նաեւ Քալիֆորնիան առանձին Թեմ դառնալու հարցն ալ քննարկել եւ որոշում կայացնել։ Միւս կողմէ, Արսէն Ծ. Վրդ. կը շարունակէ չանսալ իր դէմ տրուած որոշումներուն եւ կը փորձէ Փրավիտէնսի մէջ ուրիշ Երեսփոխանական Ժողով մը գումարել, աւելի խորացնելով պառակտումը։
Զինադադարէն վերջ, Մայր Աթոռը Ամերիկա կ՚ուղարկէ Տ. Խորէն Արք. Մուրատբէկեանը, իբրեւ լիազօր պատուիրակ։ Սրբազանը Նիւ Եորք կը հասնի 1920ի Մայիսին։ Յուլիսին կը գումարուի Երեսփոխանական Ժողով՝ ընտրելու նոր Կեդրոնական վարչութիւն եւ առաջնորդ։ Կը կատարուին ընտրութիւնները եւ առաջնորդ կ՚ընտրուի Տ. Տիրայր Արք. Տէր Յովհաննէսեանը։ Խորէն Սրբազան լիազօր պատուիրակը՝ 10 Օգոստոս 1920ին կը վերադառնայ Էջմիածին։
4. Տ. Տիրայր Արք. Տէր Յովհաննէսեան )1921-1928( Տիրայր Սրբազան կ՚ունենայ ութամեայ բեղուն շրջան մը։ Իր օրով մեծ համեմատութեան կը հասնի հայ գաղթականներուն թիւը։ Առաջնորդարանի պիւտճէն կը հասնի 15,000ի։ Ծուխերու թիւի հասած կ՚ըլլայ 21ի։ Կը կազմուին եկեղեցասէր Տիկնանցները, երիտասարդաց միութիւնները, Կիրակնօրեայ դպրոցները։ 1923ին Առաջնորդարանը Ուստրէն կը փոխադրուի Պոսթըն եւ 1927ին ալ Պոսթընէն Նիւ Եորք։ 1922 Նոյեմբեր 28ին, Հայրապետական կոնդակով կը հաստատուի Քալիֆորնիոյ անկախ Թեմը եւ Առաջնորդ կ՚ընտրուի Գարեգին Եպս. Խաչատուրեանը։ Տիրայր Սրբազան կը հրաժարի Օգոստոս 14, 1928ին։ Այդ օրերուն Թեմը ունէր 19 սեփական եկեղեցիներ, որոնցմէ 10ը հիմնուած՝ Տիրայր Սրբազանի ջանքերով։
5. Տ. Ղեւոնդ Արք. Դուրեան )1931-1933(։ Տիրայր Սրբազանի հրաժարումէն վերջ, տեղապահութեան պաշտօնը կը վարեն Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ներշապուհ )1920-1930( եւ Տ. Յարութիւն Աւ. Քհնյ. Սարգսեան )1930-1931(։ Փետրուար 1, 1931ին Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը Առաջնորդ կ՚ընտրէ Մանչէսթըրի հոգեւոր հովիւ Տ. Ղեւոնդ Արք. Դուրեանը, որ Նիւ Եորք կը ժամանէ Մայիս 28, 1931ին եւ իր անդրանիկ գոհաբանութեան մաղթանքը կը կատարէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 27րդ փողոցին վրայ։ Դուրեան Սրբազան պաշտօնավարութեան կարճ շրջան մը կ՚ունենայ, որ լեցուն եղած է անվերջանալի վէճերով եւ վիճաբանութիւններով։ Իր ընտրութիւնն ալ կարելի չէր եղած միաձայնութեամբ կատարել։ Եւ դժբախտաբար ինքն ալ չէ կրցած համակրանք ստեղծել իր շուրջ։ Անախորժ դէպքեր իրարու կը յաջորդեն շատ զգայուն դէպքերու առիթով։ Օրինակ գերզգայուն դէպք մըն է Ապրիլ 24ի տօնակատարութիւնը, Շիքակոյի Հայկական Օրուան հանդիսութեան առիթով Հայաստանի Եռագոյն դրօշին ներկայութիւնը։ Այնպէս կը թուի, թէ բոլոր դժուարութիւնները յառաջացած են ազգային հարցեր յուզող երեւոյթներէ, որոնց մէջ կրօնական խնդիր գոյութիւն չունի։ Ըստ երեւոյթին, գիտնալով հանդերձ որ Առաջնորդ Սրբազանը ուսեալ մարդ մըն էր, բայց որպէս հոգեւորական՝ չէ կրցած լեզու գտնել հօտին մաս կազմող խոշոր հատուածի մը անդամոց հետ։ Առաջնորդի մը եւ կամ հովիւի մը առաջին պարտականութիւնը կ՚ըլլայ ծուխերու հետ շփման մէջ մտնել եւ ճանչնալ զանոնք բառին լրիւ իմաստով։ Չկայ մէկը որ տեսակէտներ չ՚ունենայ, ըլլայ կրօնական, ըլլայ ազգային, ըլլայ կրթական թէ փիլիսոփայական, եւ հարկաւ քաղաքական ոլորտներու մէջ։ Ոեւէ առաջնորդ, ինչ մարզի մէջ ալ գործէ, կարեւոր է որ յարգէ ուրիշներու տեսակէտներն ու համոզումները եւ ըստ այնմ ուղղութիւն տայ իր գործունէութեան գնացքին։ Կա՞յ ազգ մը, որ տարբեր խմբաւորումներ կամ կուսակցութիւններ չունի։ Անոնք խօսքի ազատութեամբ պաշտպանուած են, այնքան ատեն որ չեն խանգարեր կարգն ու կանոնը, չեն հարուածեր նուիրականացած իրողութեանց կապուած հոգեւոր եւ սրտի լարերը։ Հոգեւոր դաշտի մէջ մանաւանդ, ժամկոչէն սկսեալ մինչեւ Կաթողիկոս, ամէն ոք կոչուած է ծառայելու։ Ծառայել խոնարհութեամբ, ողջմտութեամբ, խոհեմութեամբ եւ մանաւանդ՝ սիրով։ Սիրոյ առջեւ ամէն ինչ կ՚ազնուանայ, կը գեղեցկանայ եւ խաղաղութիւն կը բերէ։ Հոգեւորական մը լաւ գիտէ կամ պէտք է գիտնայ, որ իր կոչմամբ ինք ուխտած է ծառայել հօտին, որուն մէջ ամէն տեսակի անձեր կան տարբեր համոզումներու տէր, որոնց կարելի չէ եւ իրաւունք ալ չունինք պարտադրելու մեր կամքը կամ մեր կարծիքները։ Տագնապներով լեցուն շրջան մը եղած է։ Կը գիտակցիմ եւ խորապէս կը ցաւիմ։ Ոչ մէկ ձեւով կ՚արդարանան գործուած սխալները, բայց ո՞ւր է ներողամտութեան ոգին։ Ո՞ւր է սէրը։ Ինչո՞ւ առիթ տրուի Չարին, որ բզքտէ զմեզ, իրարու դէմ լարէ զմեզ, որ ատելութեամբ լեցուինք եւ հեռանանք Աստուծոյ ներկայութենէն։ Ափսոս Չարը յաղթանակած է։ Երկուստէք կորսնցուցած են իրենց հոգիներու խաղաղութիւնը։ Ափսոս որ մարդկային հոգի մը պիտի զոհուէր, որպէսզի լուծում գտնէր տագնապը։ Եւ պատահեցաւ անցանկալին եւ երկփեղկուեցաւ Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, որ հայ ժողովուրդն էր։
Բ.
Լաւ կը յիշեմ։ 1960ական թուականներուն էր, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ ՆՍՕՏՏ Երանաշնորհ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր։ Կիլիկեան Արեւլեան Թեմէն պատուիրակութիւն մը պիտի հանդիպէր Վեհին օրհնութիւնները ստանալու։ Անարժանաբար մաս կը կազմէի այդ պատուիրակութեան։ Ուրախ էի։ Քաղցր անակնկալներ կային ինծի սպասող, ո՛չ միայն պատիւը ունեցայ Հայրապետին Ս. Աջը առնելու, այլ նաեւ հանդիպեցայ Սաղիմական նախկին միաբաններէն եւ ուսուցիչներէն Արթուն Հատիտեանին եւ դասընկերներէս՝ Կոմիտաս Արք. Տէր Ստեփանեանին։ Երբ շրջապատեցինք Հայրապետը, խօսակցութեան մէջ՝ ցաւալի միջադէպին ակնարկելով ըսաւ. «Երկու մեծ սխալներ գործուած են, մէկը գործուած չար արարքը, իսկ միւսն ալ հազարաւոր հայորդիներու եկեղեցիներէն դուրս հանուելու չար արարքը»։ Համարձակութիւնը ունեցայ ըսելու. «Վեհափառ Տէր, Քրիստոսի եկեղեցին յարանուանութեան մը, կազմակերպութեան մը, կամ անհատի մը չի՛ պատկանիր։ Հայ եկեղեցին, որ Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէկ անբաժանելի մասն է, հայ ընտանիքին համար Աստուծոյ տունն է, ուր Քրիստոս կը սպասէ, որ իրեն երթան բոլորը՝ մեծ ու փոքր»։ Վերադառնանք մեր նիւթին։
Նոր ընտրուած էր Երանաշնորհ Զարեհ Ա. Հայրապետը, 1956ին։ Ամերիկահայութեան խոշոր հատուածը, որ կը շարունակէր պահել իրենց վարչութիւնը, ժողով մը կը գումարէ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1958 Մայիսին, խօսելու իրենց ունեցած դժուարութեանց մասին, որոնցմէ մէկն էր եւ գուցէ մեծագոյնը՝ հազարաւոր հայ ընտանիքներու զրկումը եկեղեցական խորհուրդներէն, ինչպէս նաեւ ձուլուելու մեծ վտանգը, որ «Դամոկլեան Սուր»ի մը նման կախուած էր ժողովուրդի գլխուն։
Ժողովը միաձայնութեամբ կ՚որոշէ դիմել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, խնդրել եւ յատուկ կերպով ներկայացնել անել կացութիւնը, որուն մէջ կը տուայտէին մեր ընտանիքները։ Ժողովը նաեւ պիտի ղրկէր պատգամաւորութիւն մը, կազմուած երեք ազգայիններէ, յանձինս Պրն. Ճորճ Մարտիկեանի, Պրն. Սուրէն Սարոյեանի )երկուքն ալ Սան Ֆրանսիսքոյէն( եւ Պրն. Եղիշէ Մելիքեանի )Ֆիլատելֆիայէն(, որպէսզի հանգամանօրէն խորհրդակցին Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ պարզեն հարցին լրջութիւնը։ Ութ ամիս ետք միայն, երջանկայիշատակ Հայրապետը կը պատասխանէ խնդրանք-դիմումնագրին՝ «Այո» բառով մը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նուիրակ մը կը ղրկէ, յանձին Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ հանդիպումներ ունենայ պաշտօնական մարմիններու հետ եւ ըստ այնմ տեղեկագրէ Անթիլիաս։ Լիազօր նուիրակին կը բացատրուի եղելութիւնը եւ թէ՝ ինչպէս անարգուած են չըսուելիք ածականներով։
Հայրապետական նուիրակին առաջին այցը՝ 1957ի Հոկտեմբեր 17ին էր։ Նուիրակը Ուստըր Թաունի Ս. Ստեփանոս նորակառոյց եկեղեցին կ՚օծէ։ Նոյն տարուան Նոյեմբեր 2ին Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, ուր կը կարդացուի երանաշնորհ Զարեհ Ա. Վեհափառին կոնդակը՝ խանդավառութեան մէջ։ Առաջնորդական Տեղապահ կ՚ընտրուի Տ. Հրանդ Եպս. Խաչատուրեանը, որ Ամերիկա կը ժամանէ 7 Յուլիս, 1959ին։ Երեսփոխանական Ժողովը կ՚որոշէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին աթոռատուրք վճարել 30,000 տոլար, եւ ձեռնարկել մեծ հանգանակութեան մը, որուն արդիւնքը հասած կ՚ըլլայ 500,000ի։
Խորէն Սրբազանը երկրորդ այցելութիւն մը կու տայ 1959ին։ Կը նախագահէ Նիւ Ճըրզիի մէջ գումարուած Երեսփոխանական Ժողովին, ուր կ՚ընտրեն նոր Կեդրոնական Վարչութիւն մը, բաղկացած երեք հոգեւորականներէ եւ վեց աշխարհականներէ։ Այդ օրերուն Ամերիկա ժամանած էին 18 քահանաներ։ Յատուկ յիշատակութեան կ՚արժանանան այն հոգեւորականները, որոնք 1933 թուականէն սկսեալ հաւատարիմ կերպով շարունակած են իրենց հովուական առաքելութիւնը։ 1961ին Հրանդ Սրբազան իր պաշտօնին կը ձեռնարկէ որպէս Առաջնորդ։ Եկեղեցիներ կ՚օծէ, քահանաներ կը ձեռնադրէ, դպրաց դասերը կը կազմակերպէ։ Կիլիկիոյ միաբանութենէն կը հրաւիրէ Տ. Սմբատ Ծ. Վրդ. Լափաճեանը )այժմ հանգստեան կոչուած Արքեպիսկոպոս(, Տ. Եփրեմ Եպս. Թապաքեանը )Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներէն, հանգստեան կոչուած, Արքեպիսկոպոս(, Սուրէն Ծ. Վրդ. Գաթարոյեանը )որ երկար տարիներ Բերիոյ Թեմի առաջնորդութիւնը վարած է, այժմ Արքեպիսկոպոս, հանգստեան կոչուած( Ոսկան, Վահրամ, Գրիգոր եւ Երուանդ վարդապետները։ Սրբազանը երկու անգամ վերընտրուած է Առաջնորդ։ 1973ին, Ամերիկահայոց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Մայիսին, Առաջնորդ կ՚ընտրէ Իրանա-Հնդկաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գարեգին Արք. Սարգիսեանը, զոր սակայն Խորէն Ա. Կաթողիկոսը չվաւերացուց օրինական նկատումներով։ Այսուհանդերձ, Կաթողիկոսական փոխանորդի հանգամանքով, Գարեգին Սրբազան Ամերիկա ժամանեց Սեպտեմբեր 1973ին եւ ընդունուեցաւ ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ։ 1974ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը միաձայնութեամբ Առաջնորդ ընտրեց զինք եւ ստացուեցաւ Հայրապետական վաւերացում։ Գարեգին Սրբազանի երեք ու կէս տարիներու առաջնորդական գործունէութեան մէկ երեսն էր Միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը, ուր Սրբազանը փայլեցաւ եւ փայլեցուց Հայ Եկեղեցին։ Ան ձեռնադրեց երեք հովիւներ եւ գլխաւորեց Լիբանանի ի նպաստ 1976ի հանգանակութիւնը։ Իր օրով լոյս տեսան բազմաթիւ հատորներ եւ հրատարակութիւններ։ Մայիսին՝ 1977ին, Խորէն Ա. երանաշնորհ հայրապետին փափաքով, Անթիլիասի մէջ կայացաւ Ազգային Պատգամաւորական Ժողով եւ Աթոռակից ընտրուեցաւ Գարեգին Սրբազանը։ Օծումը կատարուեցաւ Մայիս 29ին, ձեռամբ Խորէն Ա.ի եւ մասնակցութեամբ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչներ՝ Սերովբէ եւ Ներսէս Սրբազաններուն եւ Կիլիկեան Թեմերու Առաջնորդներուն։ Դեկտեմբեր 1977ին, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ ընտրուեցաւ Մեսրոպ Եպս. Աշճեանը։ Սրբազանը քահանայ ձեռնադրեց կարգ մը հոգեւորականներ եւ իր օրով պաշտօնի կոչուեցան Խաժակ Ծ. Վարդապետը )այժմ Քանատայի Առաջնորդ(, Անուշաւան Ծ. Վարդապետը )այժմ Եպս. եւ Առաջնորդական փոխանորդ(, Շահէ Ծ. վարդապետը )այժմ Եպս.( եւ Նարեկ վարդապետը )այժմ Եպսիսկոպոս եւ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Վարչութեան Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչը(։ Մեսրոպ Սրբազանի օրով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կրօնական ու պատմական բազմաթիւ հատորներ լոյս տեսան։ Հրատարակուեցաւ նաեւ Առաջնորդարանի «Աութրի»չ ամսաթերթը։ Մեծ թափ ստացան մշակութային եւ պատմական թուականներու նուիրուած ձեռնարկները, նշուեցան Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանման 25ամեակը, Նուարսակի Դաշնագրի 1500ամեակը, Խրիմեան Հայրիկի վախճանման 80ամեակը, 1985ին աննախընթաց շուքով նշուեցաւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու համազգային հաւաքը՝ աւելի քան 800 վերապրողներու մասնակցութեամբ՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Լոյս իջնէ գերեզմանին։
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԱՆԿԱԽ ԹԵՄԸ
Քալիֆորնիոյ նահանգի հայութեան թիւը հետեզհետէ կը մեծնար, դառնալու Սփիւռքի մեծագոյն համայնքը։ 1972ին, Թեմը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ եւ առաջին Առաջնորդը ընտրուեցաւ, յանձին Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեանի։Որպէս հովիւ, Առաջնորդական փոխանորդ, քարոզիչ եւ ուսուցիչ, Առաջնորդ եւ տեսուչ, ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ եւ մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի մէջ, իր ծառայութեան շրջանը կ՚ընդգրկէ 32 տարի։ Իր օրով հաստատուեցաւ Առաջնորդարանը, կազմակերպուեցաւ վարչական դրութիւնը։ Լիբանանի համար կատարուած հանգանակութենէն հաւաքուեցաւ շուրջ կէս միլիոն տոլար։ Հաստատուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Օրէնճ Քաունթիի համայնքը, որ յետագային պիտի պայծառանար Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով։ Հաստատուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Անոյշ եւ Վահան Շամլեան վարժարանը։ Հիմը օրհնուեցաւ եւ իննսուն տոկոսով կառուցումը կատարուեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։
Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան 1977ին թեմակալ Առաջնորդ ընտրուած է Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ, իսկ 1980ին արժանացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ Անոր պաշտօնավարութեան օրերուն էր որ Լիբանանի ու Պարսկաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական անորոշութեանց հետեւանքով, մեծ թիւով հայեր Լոս Անճելըս կը գաղթեն, ստեղծելով նոր կարիքներ եւ յառաջացնելով նոր կարելիութիւններ՝ կրօնական, կրթական, ազգային եւ այլ մարզերու մէջ։
Առաջնորդին առաջին գործը կ՚ըլլայ Ազգ. Առաջնորդարանը օժտել սեփական շէնքով։ Այս շրջանին նաեւ իրականացան շարք մը ծրագիրներ. այսպէս, կառուցուեցաւ Ֆերահեան վարժարանի նոր համալիրը, իրականացան «Կանթեղ» դասագիրքերը, հրատարակուեցաւ «Հռոմկլայ» տարեգիրքը՝ կրօնական, ազգային եւ բանասիրական բովանդակութեամբ։
Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեան առաջնորդական պաշտօնին կը կոչուի 1985ին։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին, օծուեցան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, բացումը կը կատարուի Փասատինայի Դաւիթեան վարժարանին եւ Կլենտէյլի Թիւֆէնքեան մանկամսուրին։ Մասնակցած է էքիւմենիք ժողովներու եւ Էջմիածին-Կիլիկիա յարաբերութեանց մասին գումարուած ժողովներու։Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան. բանիմաց, ժրաջան եւ վարչագէտ Առաջնորդ մըն է Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ 1995ին կը կոչուի առաջնորդական պաշտօնին։ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1997ին։ Մուշեղ Սրբազանին պաշտօնավարութեան օրով է որ ծրագրուեցաւ ու կառուցուեցաւ սքանչելի Առաջնորդարանը, որ պատիւ կը բերէ Կիլիկեան Թեմին։ Շէնքը իր յարակից սրահներով եւ սենեակներով ու մանաւանդ Տրդատ թագաւորին եւ Աշխէն թագուհիին անունով կոչուած մատուռը, առինքնող իր գեղեցկութեամբ, յաւելեալ փայլք կը բերէ Առաջնորդարանի համալիրին։Մուշեղ Սրբազան վերաշխուժացուցած է Կիրակնօրեայ վարժարանները։ Իր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնները՝ մշակութային կազմակերպութեանց համար մղիչ ուժ մը դարձած են վերակազմակերպուելու եւ վերանորոգուելու։ Իր հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան ծիրին մէջ կ՚իյնան Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւնը, ՀՕՄի Տիկնանցը, Դպրեվանքի Սանուց եւ Նոր Ջուղայի Յանձնախումբերը։ Իր օրերուն էր որ Լոս Անճելըսի սահմաններէն դուրս եկաւ Ազգային Առաջնորդարանը եւ աւելի կազմակերպ վիճակի հասցուց Լաս Վեկասի, Քորոնայի, Լա Քրեսենթայի, ինչպէս նաեւ Քոլորատոյի ծուխերը։ Սրբազանը զօրաւոր կապեր հաստատելու գաղտնիքը ունի հանրածանօթ հայ թէ օտար անձնաւորութեանց հետ։ Պերճախօս է Սրբազանը հարուստ բառապաշարով եւ իմաստալից գաղափարներով կրկնակիօրէն կը պայծառացնէ Հայ Եկեղեցին։ Երբ ան կը խօսի, չես կրնար մտիկ չընել, որ կը նշանակէ թէ արդէն իսկ տիրած է սրտիդ։
----------------------------------------------
Թեմիս 35Ամեակին Տօնակատարութիւնը՝ Դեկտեմբեր 21ինԿիրակի, 21 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն՝ նուիրուած Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան 50ամեակին, ինչպէս նաեւ մեր թեմի 35ամեակին։ Ձեռնարկը կը վայելէ հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ վերադարձած է Լոս Անճելըս, Վատիկան եւ Լիբանան այցելութիւններէն ետք:Հանդիսութիւնը կազմակերպուած է Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան կողմէ։ Խօսք պիտի առնեն Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան եւ իրաւաբան Արման Քէօսեան, նաեւ պիտի իրագործուի գեղարուեստական յայտագիր: Մուտքը ազատ է։
петък, 19 декември 2008 г.
«Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Շաբաթ» Կիպրոսի Թեմին Մէջ
ԿԻՊՐՈՍ.- 2008 տարին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի հռչակուելուն առիթով, Կիպրոսի հայ թեմը, հովանաւորութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ միացեալ գործակցութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ Կիպրոսի Ազգ. իշխանութեան Կրօնական ժողովին, Նոյեմբերի վերջընթեր շաբաթը՝ 19-23 Նոյեմբեր, Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Կիպրոսի մէջ:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Թորգոմ աբղ. Տօնոյեան դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ Կիպրոսի երեք քաղաքներուն մէջ՝ Նիկոսիա, Լառնագա եւ Լիմասոլ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարին առիթ՝ մտերմանալու Աստուածաշունչին հետ»։ Այս շրջագիծէն ներս, հայր սուրբը նաեւ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, նիւթ ունենալով «Աստուածաշունչը, Հայ եկեղեցին եւ բարոյագիտական հարցեր»: Ան այցելեց «Նարեկ» վարժարան եւ մանուկներուն ու պատանիներուն խօսեցաւ անոնց քրիստոնէական կազմաւորման մասին։
«Քրիստոնէական դաստիարակութեան շաբաթ»ը իր աւարտին հասաւ կիրակնօրեայ ուխտի պատարագով, որ կը զուգադիպէր Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնին։
Wednesday, December 17, 2008

«Բարի Գործերու Ծառայութեան» Մրցանակներ Կը Յանձնուին Հայ Աշակերտներու
Դեկտեմբեր 8ի երկոյեան, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու արձանագրած իրագործումներուն նուիրուած երեկոյ մը, որուն հիւրընկալն էր Հայ արհեստավարժներու միութիւնը: «Բարի գործերու ծառայութեան» մրցանակ տրուեցաւ արժանաւոր 6 ուսանողներու՝ Ռոզի Ճանէզեան («Ֆերահեան»), Նաթալի Մաճառեան («Յովսէփեան»), Նաթալի Փոստալճեան (Կրէնատա Հիլզի «Չարթըր»), Թանիա Մուխթարեան (ՀԲԸՄի Փասատինայի երկրորդականէն), Սէրլի Փոլատօղլու եւ Անի Շիրվանեան («Մանուկեան-Տէմիրճեան»):
Սիլվա Նաթալի Մանուկեան հակիրճ պատմականը ըրաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան եւ ներկայացուց անոր առաքելութիւնը՝ քաջալերել յառաջադէմ ուսանողներուն, որպէսզի իրենց նախընտրած ասպարէզին մէջ մասնագիտանան:Մրցանակները բաժնուեցան ձեռամբ առաջնորդին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին յանձնեց մետալ մը, վկայագիր մը, Ս. գիրք մը եւ փայտեայ հայկական խաչ մը:

Գոհաբանութեան Օրը Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մէջ
Ինչպէս այլուր Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը եւս Գոհաբանութեան օրուան առիթով կազմակերպեց միջոցառումներ: Նոյեմբեր ամսուան աշակերտական պատարագը նուիրուած էր այդ տօնին՝ Աստուծոյ փառք տալու եւ դարձեալ անդրադառնալու բոլոր այն բարիքներուն, զորս կը վայելենք մեր կեանքին մէջ: Պատարագին կը ծառայէին վեցերորդ դասարանէն Նարեկ Պուլտուքեան եւ Խաչիկ Բաբիսեան, իսկ Ալեք Քիլիսեան եւ Դալար Լեւոնեան օրուան յատուկ աղօթքներ կարդացին, ապա աշակերտները հաղորդուեցան՝ Անտոն վրդ. Սարոյեանի օրուան իմաստը մարմնաւորող քարոզէն ետք։
26 Նոյեմբերի առաւօտեան աղօթքի ժամուն սրահը զարդարուած էր: Իւրաքանչիւր դասարանէ ներկայացուցիչ մը կարդաց գոհունակութեան աղօթք մը եւ խնդրանք մը ներկայացուց առ Աստուած։ Գոհաբանութեան օրուան իմաստը եւ պատմականը ներկայացուցին առաջին դասարանի փոքրիկներ:
Նոյն օրը, Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամները դպրոցի խոհանոցը պատրաստուած համեղ հնդկահաւերով հիւրասիրեցին աշակերտները, ապա տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան Գոհաբանութեան տարեկան ճաշը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը փոխանցեց իր մաղթանքն ու գոհունակութիւնը։
27 Նոյեմբերին, վարժարանէս աշակերտական խումբ մը, ընկերակցութեամբ Միջնակարգի հայերէնի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեանի, վարժարանս ներկայացուց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած թելեթոնին 4000 տոլարի նուիրատուութեամբ։
Վարժարանիս մեծ ընտանիքի Գոհաբանութեան օրուան ճաշը աւելի կանուխ տեղի ունեցաւ՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, վարժարանիս գեղեցկօրէն զարդարուած «Դանիէլեան» սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ էր շրջանս հիւրաբար գտնուող Անարատ յղութեան միաբանութեան մեծաւորուհի մայր Եւթոքսիա Քէշիշեան, որ կատարեց Գոհաբանութեան աղօթքը: Յիշենք, որ մայր Եւթոքսիա նախապէս վարժարանիս տնօրէնուհին էր։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներէն Տիգուկ Պաստէքեան, որ բացատրեց, թէ օրուան հանդիսութիւնը հանգանակային նպատակ ունի եւ հասոյթը պիտի օգտագործուի վարժարանի ճաշարանի բարեզարդման համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ աշակերտական հագուստներու ցուցադրութիւն, որուն համար հագուստներ տրամադրած էր «Փամփքին փէ»չ վաճառատունը:
Ճաշին ընթացքին ելոյթ ունեցան վարժարանիս պարախումբի աղջիկները, որոնք, պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեանի ցուցմունքներով, նազանքով կը պարէին հայկական պարեր:
Շնորհակալութիւն ձեռնարկին մասնակցած բոլոր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ մանաւանդ Ծնողաօժանդակ մարմինի վարչութեան եւ անոնց շուրջը բոլորուած կամաւորներուն, որոնք իրենց կարելին չխնայեցին ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակելու համար, քաջ գիտնալով, որ հայ վարժարանի հիմնադրութեան չափ կարեւոր է նաեւ վարժարանը կանգուն պահելը՝ այլազան միջոցներով ապահովելու նիւթական անոր ատաղձը։
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

четвъртък, 18 декември 2008 г.
Օսման Քյոքերը Գուգարաց թեմում
Դեկտեմբերի 13-ին Գուգարաց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տեր Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլջյանի հրավերով Վանաձորի Շառլ Ազնավուրի անվան մշակույթի պալատում տեղի ունեցավ պոլսահայ «Սայաթ-Նովա» երգչախմբի, «Քարդեշ Թուրքուլեր» համույթի և ՊԿՍԹ պարախմբի համատեղ համերգը: Համերգը կազմակերպվել էր Հայաստան-Թուքիա «Երաժշտական կամուրջ» նախագծի շրջանակներում և վերնագրված էր «Դռները բացե՛ք գարուն է գալիս»: Միջոցառմանը հյուրերին ողջունեց Սրբազան Հայրը և նշեց, որ այս համերգը տեղի չէր ունենա, եթե չլիներ Հրանտ Դինքը, ում երազանքն է եղել Հայաստանում նման միջոցառում կազմակերպելը: Սրբազան Հոր ելույթից հետո ներկաները մեկ րոպե լռությամբ հարգեցին Հրանտ Դինքի հիշատակը:
Համերգին հնչեցին հայկական, թուրքական, քրդական, ասորական, վրացական ժողովրդական երգեր:
Դեկտեմբերի 14-ին կրկին Գուգարաց թեմի առաջնորդի հրավերով Վանաձորում էր թուրք պատմաբան Օսման Քյոքերը: Վանաձորի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցու դահլիճում տեղի ունեցավ պարոն Քյոքերի և Վանաձորի մտավորականների հանդիպումը, որի ժամանակ ողջույնի խոսքով ելույթ ունեցավ Սրբազան Հայրը: Հանդիպմանը ներկա էին քաղաքային իշխանության ներկայացուցիչներ, դասախոսներ, ուսուցիչներ:
Թուրք պատմաբանն ամենայն մանրամասնությամբ ներկայացրեց իր «Հայերը Թուրքիայում 100 տարի առաջ» գիրքը: Այս գիրքը լույս է տեսել 2005թ. Թուրքիայում և պարունակում է բացիկներ Օրլանդո Կալումենոյի հավաքածուից: Գրքի մեջ հավաքված են հարյուր տարվա պատմություն ունեցող օսմանյան ժամանակաշրջանի բացիկներ, որոնք արտացոլում են հայկական համայնքի խաղաղ, և շատ դեպքերում բարգավաճ կյանքը Օսմանյան կայսրության ժամանակաշրջանում:
Լրագրողի պատմելու ընթացքում մեծ էկրանի վրա ցուցադրվեցին գրքում զետեղված 700 բացիկներից: Այս բացիկների միջոցով ներկայացվում են Օսմանյան Թուրքիայի տարածքում գտնվող հայկական մարզերն ու քաղաքները` համապատասխան բնակչության թվերով, դպրոցներով, եկեղեցիներ-վանքերով, կրթամշակութային կենտրոններով և արհեստագործական ու արդյունաբերական հիմնարկներով:
«Թուրքիայում միայն թուրք ազգի պատմությունն է ուսուցանվում: Երկրում բնակվող այլ ազգերը դիտվել են որպես մեծ ու փոքր խնդիրների աղբյուր: Իմ նպատակն է այսօրվա թուրք երիտասարդին ծանոթացնել հատկապես հայ ազգի անցյալի հետ, որն իր ստեղծագործ ու խաղաղասեր էությամբ միայն նպաստել է Օսմանյան Թուրքիայի զարգացմանը»,-ասաց Օսման Քյոքերը և խոստովանեց, որ այստեղ գալով` մի տեսակ անհանգստություն է ունեցել, որովհետև առաջին անգամ պիտի հանդես գար մի լսարանի առջև, որտեղ բոլոր ունկնդիրները հայեր են:
Թուրքիայում նա 7 անգամ կազմակերպել է բացիկների ցուցահանդես, որը վերնագրել է «Սիրելի եղբայրս», և ունեցել է 20 ասուլիս: Պարոն Քյոքերը նշեց, որ մտադիր է լույս ընծայել երկրորդ գիրքը, որի մեջ կզետեղվեն մոտ 1000 նոր բացիկներ:
Հանդիպման ավարտին եղավ հարց և պատասխան, ապա Սրբազան Հայրը բոլորի անունից շնորհակալություն հայտնեց պարոն Քյոքերին և ասաց. «Վանաձորցիների համար այս հանդիպումը բացառիկ մի առիթ է թուրք մտավորականից լսել հայերիս պատմական անցյալի մասին և հասկանալ կորստի չափն ու նորովի գնահատելու այսօրվա ձեռքբերումները: Մեր պատմաբանների համար չհետազոտված աղբյուր է այս տարբերակով անցյալի գնահատումը: Ուստի, հատկապես պատմության դասախոսների համար, խիստ անհրաժեշտ գիտելիքներ էր պարունակում սույն դասախոսությունը, այն ավելի առարկայական պատկերացում է տալիս հայության անսահման կորուստների մասին»:
Դիվան Գուգարաց թեմի

Սուրբ կույսերի՝ Ինդոսի, Դոմնայի, ինչպես նաև Գղերիկոս քահանայի և Նիկոմիդացիների եկեղեցում այրված երեսուն հազար նահատակների հիշատակության օր
Սուրբ Ինդոսը և Դոմնան
Ս. Ինդոսը ներքինի էր Դիոկղետիանոս կայսեր արքունիքում Նիկոմիդիա քաղաքում, իսկ Ս. Դոմնան՝ պալատական կուռքերի քրմուհին, որ ենթարկվում էր Ինդոսին: Նրանք երկուսն էլ, ծանոթանալով Աստվածաշունչ մատյանին, դարձի են գալիս և քրիստոնյա դառնում, որի պատճառով բանտ են նետվում: Երկար տանջվելուց հետո 303թ. նահատակության պսակն են ընդունում:
Հայ եկեղեցին ս. կույսերի՝ Ինդոսի, Դոմնայի, Գղերիկոս քահանայի և երեք բյուր նահատակների, որոնք այրվեցին նիկոմիդացիների եկեղեցում, հիշատակը տոնում է Հիսնակաց պահքի Դ կիրակիին հաջորդող հինգշաբթի օրը:
Սուրբ Գղերիկոս քահանան և երեսուն հազար նահատակները
Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքների ժամանակ, Քրիստոսի Ծննդյան տոնին, սովորականի նման Նիկոմիդիայի քրիստոնյաները հավաքվում են եկեղեցու մեջ՝ աղոթք անելու համար: Կայսրը մի կուռք է կանգնեցնում տաճարում՝ հրամայելով, որ բոլորը երկրպագեն դրան: Գղերիկոս քահանան մերժում է կատարել կայսեր հրամանը, որի համար չարչարանքների է ենթարկվում և նահատակվում: Կայսրը բարկանում է և այրել տալիս ամբողջ եկեղեցին: Արարողությանը ներկա ողջ ժողովուրդը՝ երեք բյուր, այսինքն՝ երեսուն հազար հոգի այսպիսով նահատակվում են 303թ.:

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Գործունէութիւնը
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը իբրեւ գործունէութեան տարածք ունի Արեւելեան, Արեւմտեան Ամերիկաները եւ Գանատան: Միութեան հովիւն է (գործադիր տնօրէն) վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, իսկ կեդրոնատեղին կը գտնուի Կլէնտէյլի մէջ (616 N. Glendale Ave., Glendale, CA 91206): Հոն կը գործեն նաեւ Քէմփ Արեւի ու Երիտասարդականի գրասենեակները:
Վեր. Մաթոսեանի հետ հանդիպում ունեցանք եւ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացանք միութեան գործունէութեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին ու անոնց պատասխանատուներուն մասին: Կը ներկայացնենք մեր տեսակցութենէն բխած հիմնական հարցերը:
Կապ հաստատեցինք նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովանիին ներքեւ գործող «Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան» վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեանի հետ, որմէ տեղեկութիւններ ստացանք դպրոցին մասին:
Շահեկան զուգադիպութեամբ մը, մեր յօդուածի պատրաստութեան ընթացքին բարեբախտութիւնը ունեցանք հանդիպելու Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նորընտիր նախագահ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական գաղութի համայնքապետ՝ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին հետ, ընկերակցութեամբ Հիւս. Ամերիկայի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան գանձապահ Զաւէն Խանճեանին, որ ընդհանրապէս այս աշխատանքին համակարգման մէջ իր ներդումը ունեցաւ: Կը ներկայացնենք նաեւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին հետ մեր հարցազրոյցը:
Յիշենք, թէ Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակ Զաւէն Խանճեան երկար տարիներու վաստակ ունի համայնքէն ներս, յատկապէս նպաստելով »Մերտինեան« վարժարանի հիմնադրութեան, երկար տարիներ ծառայելով հոգաբարձական կազմին մէջ, իսկ այժմ վարելով միութեան գանձապահի պաշտօնը: Խանճեան գործօն դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստան Հիմնադրամի աշխատանքներուն մէջ եւ հեղինակն է «Այս տունը քուկդ է, թէ իմս» հատորին:
Անհրաժեշտ է յիշել նաեւ անունները համայնքի ակներեւ եւ հանրածանօթ աստուածաբան, պատմագէտ, բանասէր, հեղինակ հովիւներ՝ վեր. Վահան Թութիկեանի (Տիթրոյթ) եւ վեր Պարգեւ Տարագճեանի (Լոս Անճելըս): Մեծ եղած է անոնց նպաստը Հայ Աւետարանական համայնքի գործունէութեան զարգացման մէջ:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Ծնած է Լիբանան, յաճախած է Աստուածաբանական ճեմարանը, ապա 1960ին եկած է Միացեալ Նահանգներ, ուսումը շարունակելու եւ արժանացած Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին՝ աստուածաբանութեան եւ հոգեբանութեան մէջ, ու Մագիստրոսի տիտղոսին՝ աստուածաբանութեան մէջ:
1966ին ձեռնադրուած է հոգեւոր ծառայութեան եւ 1967ին սկսած է ծառայել ԱՄՆի մէջ: 15 տարի եղած է հովիւ Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Ատուածաշունչի եկեղեցիին, որմէ ետք 10 տարի ծառայած է իբրեւ երէց հովիւ՝ Էմմանուէլ Հայ ժողովական եկեղեցիին: 2004ին ընտրուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հովիւ եւ Յունիս 2008ին, Համաժողովի ընթացքին վերընտրուած է չորս տարուան համար:«Սահակ-Մեսրոպ» հայ քրիստոնէական վարժարանի հիմնադիր հոգաբարձական կազմի անդամ եղած է: Ծառայած է նաեւ իբրեւ հոգաբարձական կազմի ատենապետ եւ այժմ «Սահակ-Մեսրոպ» քրիստոնէական վարժարանի ընկերակցութեան նախագահն է:
Մաս կը կազմէ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ անդամ է Հայաստան Հիմնադրամի Արեւտմեան Ամերիկայի վարչութեան:Ամուսնացած է եւ ունի չորս մանչ զաւակ:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսէց նահանգի Ուստըր քաղաքին մէջ 1881ին սկսած է կազմաւորումը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն: Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ գործադրուած թրքական ցեղասպանական արարքները պատճառ դարձան, որ հայերը արտագաղթեն ու հաստատուին աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, որոնց շարքին էր Միացեալ Նահանգները: Տարիներու ընթացքին գաղթականներու թիւը աւելցաւ ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ գոյացան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի զանազան շրջաններուն մէջ: 1901ին ԱՄՆի Արեւելեան նահանգներու եկեղեցիները կազմակեպուեցան իբրեւ միութիւն, իսկ 1960ին՝ անոր միացաւ Գանատայի Թորոնթօ եւ Մոնթրէալ քաղաքներու Հայ Աւետ. Միութիւնը: Հետագային այս երկուքին միացումով յառաջացաւ Արեւելեան նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Աւետ. Միութիւնը: Այս ժամանակաշրջանին Քալիֆորնիոյ մէջ եւս գոյացած էին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, որոնք 1908ին կազմեցին Քալիֆորնիոյ Հայ Աւետ. Միութիւնը: Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք 1971ին, Արեւելեան նահանգներու եւ Քալիֆորնիոյ միութիւնները միաձուլուեցան եւ կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միոււթիւնը՝ որով կը ճանչցուի ան մինչեւ այսօր:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄՆ-Ի ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. միութեան մաս կը կազմեն 37 գործող եկեղեեցիներ, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ: Միութեան կապուած եկեղեցի մը կայ նաեւ Պրազիլի մէջ, իսկ Գանատայի եկեղեցիներուն թիւը 4 է: Այս եկեղեցիներուն կապուած հաւատացեալներուն թիւը շուրջ 10 հազար է: Հովիւներուն թիւը՝ մօտաւորապէս 50:
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութեան հովանիին տակ կը գործեն նաեւ «Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան» Հայ Աւետ. վարժարանը Կլէնտէյլի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, Քէմփ Արեւը, Քէմփ Արեւելքը, Աւետարանական երիտասարդաց ընկերակցութիւնը՝ իր Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններով:Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, որ հաստատուած է Կլէնտէյլի Քոլորատօ պողոտային վրայ, պետական յատկացումներու շնորհիւ օգտակար կը դառնայ հայ ժողովուրդին:
Արեւմտեան Ամերիկայի ճամբարը՝ Քէմփ Արեւ, Ֆրէյժըր զբօսայգիին մէջ, քառասուն արտավայր տարածութեամբ, գնուեցաւ 15 տարի առաջ: Քէմփ Արեւը բանակավայր է, ուր կը յաճախեն նախակրթարանի, միջնակարգի, երկրորդականի եւ քոլէճի քանի մը հարիւր հայ ուսանողներ, ամառ թէ ձմեռ, հոն հետեւելու համար կրօնական եւ ազգային դաստիարակութեան: Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններէն պատանիներ եւ պարմանուհիներ կու գան եւ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն: Անոնք կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն, պաշտամունք կը կատարեն, հայոց լեզուի, մշակոյթի դասընթացքներու կը հետեւին՝ դասախօսներու միջոցով եւ կը թրծուին հայկական ոգիով ու Աստուծոյ խօսքի ուսուցումով: Կան նաեւ արուեստի դասընթացքներ: Այս ճամբարը յաճախող իւրաքանչիւր խումբ երեք շաբաթ կը մնայ հոն: Շատ օգտաշատ աշխատանք մըն է: Տարուան մնացեալ ամիսներուն ճամբարը վարձու կը տրուի: Քէմփ Արեւի գրասենեակը կը գտնուի Կլէնտէյլ, Հայ Աւետ. Միութեան կեդրոնին մէջ, եւ գրասենեակին պատասխանատուն է տիկ. Ճենիֆըր Ապաճեան:
Քէմփ Արեւին մէջ կը կազմակերպուի նաեւ «Մէնզ ռիթրիթ»ը՝ չափահասներու համար, իսկ տարին անգամ մը դաշտագնացութիւն կը կազմակերպուի:
Այժմ Քէմփ Արեւը շինարարութեան մէջ է, նոր շէնք եւ մատուռ պիտի կառուցուի՝ մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար արժողոււթեամբ:
Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի ճամբարը՝ Քէմփ Արեւելք, կը կազմակերպուի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Արարատ» ճամբարին մէջ, մէկ շաբթուան համար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութիւնը ունի նաեւ Հայ Աւետ. Երիտասարդաց ընկերակցութիւնը՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան բաժիններով, որոնք ունին իրենց վարիչ տնօրէնները: Արեւելեանը ունի լիաժամ վարիչ տնօրէն՝ վեր. Արա Ճիզմէճեան, Արեւմտեանի վարիչ տնօրէնն է պր. Րաֆֆի Գալճեան: Երիտասարդական բաժանմունքները շատ գործօն են, կրօնականին կողքին մարզական գործունէութիւն ալ կÿունենան: Ունին նաեւ Հայ Աւետարանական Կիներու ընկերակցութիւնը եւ զանազան յանձնախումբեր:
ՎԱՐՉԱՁԵՒԸ
Հայ Աւետ. Միութեան վարչաձեւը ժողովրդավարական է, ու կը գործէ սահմանադրականօրէն ընտրուած Կեդրոնական Մարմնին միջոցով: Միութեան մէջ ներկայացուած են բոլոր եկեղեցիները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անդամներուն թիւին համաձայն ներկայացուցիչ կը ղրկէ ընդհանրապէս երկու տարին անգամ մը գումարուող համագումարներուն, ուր կ'ընտրուին միութեան Կեդրոնական Մարմնի, կամ հոգաբարձութեան անդամները: Հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ 16 անդամներէ՝ 8 հոգեւորական, 8 աշխարհական: Հոգաբարձութեան ատենապետն է վեր. Աւետիս Պոյներեան (Պոսթընէն), փոխ-ատենապետը՝ Դաւիթ Յակոբեան (Շիքակոյէն), քարտուղարը՝ ՌոզՄէրի Յակոբեան (Պոսթընէն) եւ գանձապահը՝ Զաւէն Խանճեան (Կլէնտէյլէն): Վարչական այս մարմնին մաս կը կազմէ նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) վարիչ տնօրէնը՝ Անդրանիկ Թորիկեան:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ (AMAA-ԱՀԱԸ)
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (AMAA-ԱՀԱԸ) ստեղծուեցաւ 1918ին, ԱՄՆի Մեսեչուսէց նահանգի Ուստըր քաղաքին մէջ: Ինքնավար է, իր ինքնուրոյն սահմանադրութեամբ եւ բաժանմունքներով: Ծնունդն է Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն: Նպատակն էր արտայայտնել Յիսուս Քրիստոսի սէրը եւ օգտակար դառնալ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի բեկորներուն՝ հաւատքի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ: Ի մասնաւորի կ'օժանդակէ աշխարհատարած ու կարիքաւոր Հայ Աւետարանական բոլոր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու համայնքապատկան հաստատութիւններուն: Տարիներու ընթացքին գործը ընդարձակուած է եւ ընկերակցութիւնը այժմ կը գործէ 22 երկիրներու, ներառեալ Հայաստանի մէջ: ԱՀԱԸ-ի գործունէութիւնը կեդրոնացած է հետեւեալ մարզերուն վրայ.
ա.- ուսումնական,
բ.- մարդասիրական,
գ.- զօրակցութիւն եկեղեցիներուն:
Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանը ԱՀԱԸ-ի կրթական ամենէն նշանակալից նախաձեռնութինն է: Ընկերակցութիւնը իր ներդրումը կÿունենայ նաեւ եկեղեցիներու հիմնած դպրոցներուն:1991ին, Հայաստանի մէջ ՀԱԸ-ի գրանցումէն ետք, Երեւանի մէջ բացուեցաւ ընկերակցութեան կեդրոնական գրասենեակը: ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերուն եւ Արցախի մէջ կը գործեն տասնեակ գրասենեակներ: Ընկերակցութեան նախագահն է դոկտ. Հրայր Ահարոնեան եւ գործադիր տնօրէնը՝ Անդրանիկ Թորիկեան: Իսկ կեդրոնը կը գտնուի Փարամըս, Նիւ Ճըրզի:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը աշխարհի վեց տարբեր շրջաններու Հայ Աւետ. միութիւնները ներկայացնող մարմինն է: Այդ շրջաններն են՝ Հիւսիսային Ամերիկան, Ֆրանսան, Եւրասիան, Հայաստանը, Եւրոպան եւ Մերձաւոր Արեւելքը: Խորհուրդին նորընտիր նախագահն է վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, իսկ գործադիր տնօրէնը՝ վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան:
ԸՆԹԱՑԻԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ
Ամենէն կարեւոր աշխատանքը եղաւ միութեան 19րդ Երկամեայ Համաժողովը, որ կայացաւ Յունիս 26-29ին, Կլէնտէյլի Հիլթըն պանդոկի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր պատուիրակներու եւ հիւրերու: Գործի ժողովներէն անկախ տեղի ունեցան պաշտամունքներ եւ դասախօսութիւններ: Այս վերջին շարքին մէջ՝ յատուկ եւ խորիմաստ մատուցումներ կատարուեցան, նիւթ ունենալով՝ «Հայաստանի Ա. անկախութեան 90ամեակը», «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 90ամեակը», եւ «Համաշխարային Հայ Աւետ. Խորհուրդի 30ամեակը»: Պատուիրակները ընտրեցին յաջորդ երկու տարիներու Գործադիր Մարմնին մէջ ծառայելիք անդամները, ներառեալ դիւանը: Պատուիրակները վերահաստատեցին վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի պաշտօնը իբրեւ միութեան հովիւ (գործադիր տնօրէն)՝ վերընտրելով զայն յաջորդ չորս տարիներուն համար:
Միութեան համաժողովը մեծ ուրախութեամբ իբրեւ անդամ ընդունեց հետեւեալ եկեղեցիները եւ հոգեւոր ընկերակցութիւնները.- Օրէնճ Քաունթիի Հայ Քրիստոնէական Ընկերակցութիւնը, հոգեւոր հովիւ՝ վեր. դոկտ. Տան Սընըքճեան: Կլէնտէյլի Ս. Երրորդութիւն Հայ Աւետ. Եկեղեցին՝ հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան: Հիւս. Հոլիվուտի Ս. Երրորդութիւն Երիցական եկեղեցին՝ հոգեւր հովիւ վեր. Արա Չաքըրեան: Կլէնտէյլի Քրիստոնէական Առաքելութիւն ի Հայս, հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Դանիէլ Ալպարեան: Կլէնտէյլի Քրիստոսի Հայոց Եկեղեցին, հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Սարօ Խաչիկեան:Միութիւնը ունի հեռատեսիլի Կիրակնօրեայ պաշտամունք-յայատագիրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին, 282րդ կայանէն:
Քալիֆորնիայի Քեմբ Արեւը կ'օժտուի պատշամունքի երկու նոր մատուռներով՝ շնորհիւ իշխանական երկու նուիրատուութիւններու: Առաջինին նուիրատուն է Փասատինայի եկեղեցիէն տիկ. Անայիս Տերեան, իր ամուսնոյն՝ Հենրիին յիշատակին: Իսկ երկրորդին նուիրատուներն են Միացեալ Հայ Աւետ. եկեղեցիէն, տոքթորներ՝ տէր եւ տիկ. Հրայր եւ Նատիա Տարագճեան:
Միութեան եկեղեցիներուն համար պատրաստութեան մէջ է նոր հոգեւոր երգարան մը, շնորհիւ Հրանտ Աղպապեանի եւ Լուսինէ Աղպապեան Հըպըրտի եւ իրենց աշխատակիցներուն:
Միութեան Հայկական Ժառանգութիւն յանձնախումբը վերջերս հրատարակեց Հայ Հոգեւոր Ժառանգութիւն անունով դասատետր մը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ գործածելու համար: Կը ծրագրուի պատրաստել հայոց պատմութեան վերաբերեալ մանկա-պատանեկան հրատարակութիւններ:Հայ ազգային եւ քրիստոնէական տօները կը յիշատակուին շրջանային Հայ Աւետ. եկեղեցիներուն համախմբումով, ինչպէս նաեւ միջ-համայնքային եկեղեցիներու գործակցութեամբ: Այդ տօներէն են՝ Վարդանանց, Ապրիլ 24, Նոր Տարի-Ս. Ծնունդի տօնախմբութիւն, Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ԱՆՈՐ ԴԵՐՆ ՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Այս հարցին անդրադառնալով՝ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան ըսաւ.«Կը հաւատանք, որ Հայ Աւետ. Եկեղեցին մաս կը կազմէ Քրիստոսի տիեզերական եկեղեցիին, որուն առաքելութիւնն է աշխարհին տարածել Աւետարանը, հրաւիրել մարդկութիւնը Աստուծոյ հետ հաշտուելու, իմաստալից, քրիստոնավայել կեանք ապրելու եւ պատրաստուելու յաւիտենականութեան, ընդունելով, որ միակ ճամբան, ճշմարտութիւնը ու կեանքը՝ Քրիստոս ինքն է:
«Մենք ընդունած ենք Նիկիոյ հանգանակը, Ուղղափառ վարդապետութեան կը հաւատանք, սակայն կը յարգենք տեսակէտներու տարբերութիւնը եւ համոզումով կը հետեւինք մեր հաւատքի ըմբռնումներուն: Մեր դասագիրքը Ս. Գիրքն է: Շեշտը քրիստոնէական կեանքը ապրելուն մէջ է: Զինուած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Վարդան Մամիկոնեանի հաւատքով ու կամքի զօրութեամբ:
«Գիտակից ենք դարուս առաջացուցած փոփոխութիններուն. հոսանքը ուժեղ է, մարդկային շինծու փիլիսոփայութիւններ գոյութիւն ունին, աղանդներ շատցած են, արդիական գաղափարներ շուարում կը պատճառեն շատերուն, բայց Քրիստոս փոխուած չէ, Քրիստոսի պատգամը փոխուած չէ, Աստուածաշունչը՝ հին կտակարան, նոր կտակարան, մեր մնայուն դասագիրքն է: Դարը կը փոխուի, ազգեր կը փոխուին, բայց մեր Տէրը մէկ է եւ նոյնն է՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Մենք գիտակից ենք, որ հայ ենք ու այս արկածի հետեւանք չէ, այլ աստուածային կարգադրութիւն, որով կÿուզենք ծառայել մեր աստուծոյն եւ ազգին: Մեր աղօթքը, երազը, մաղթանքն է, որ հայ ժողովուրդը ունենայ հոգեւոր զարթօնք մը՝ աւելի Աստուծոյ մօտենալու, քրիստոնէական առաքինութիւններու տէր դառնալու, հայրենասէր ըլլալու»:
«ՇԱՐԼՈԹ ԵՒ ԷԼԻԶ ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ» ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Դպրոցը հիմնուած է 1982ին, նուիրուած եւ տեսիլք ունեցող փոքր խմբակի աշխատանքով եւ հովանաւորուած՝ Հայ Աւետ. Միութեան Աւետարանչականին եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Աւետ. եկեղեցիներուն կողմէ:Հետագային, օրդ. Էլիզ Մերտինեանի իշխանական նուիրատուութեամբ՝ իր քրոջ յիշատակին, վարժարանը կÿանուանուի «Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան» Հայ Աւետ. վարժարան:
Դպրոցական առաջին տարեշրջանը կը սկսի 13 Սեպտեմբեր 1982ին, 13 աշակերտներով եւ 4 հոգինոց անձնակազմով, Միացեալ Հայ Ժողովական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի սենեակներուն մէջ:
1983-1986 դպրոցը կը փոխադրուի Նորթ Հոլիվուտի Գոլֆաքս փողոցին վրայ:Իսկ 1986էն ետք, դպրոցը կÿունենայ իր մնայուն կալուածը, Հովիտի Շըրմըն Օքս քաղաքին մէջ:C And E Merdinian Armenian Evangelical School13330 Riverside DriveSherman Oaks, CA 914231987-1988 տարեշրջանին դպրոցը կը հասնի միջնակարգի մակարդակին:
Այժմ «Մերտինեան»ը ունի 250 աշակերտ, նախամանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգ, 30 հոգինոց անձնակազմով: Տնօրէնն է Յովսէփ Ինճէճիկեան:
Հոն յաճախող աշակերտները կու գան գլխաւորաբար հետեւեալ քաղաքներէն.- Շըրմըն Օքս, Նորթ Հոլիվուտ, Վեն Նայս, Սթիւտիօ Սիթի, Պըրպէնք, Կլէնտէյլ:
Կրթական բարձր մակարդակի կողքին կը շեշտուի հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:
Դպրոցի հոգաբարձութիւնը կը ծրագրէ դպրոցը օժտել նորակառոյց շէնքով մը եւ զայն բարձրացնել երկրորդականի մակարդակին: Նախնական աշխատանքները այս ուղղութեամբ ընթացքի մէջ են:
Պատրաստեց՝ ՆԱԶ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (Ասպարէզ)

Абонамент за:
Публикации (Atom)