21/12/2008 13.12.37
Հարցում – Ղարաբաղեան շարժումէն ետք, հայրենիքի թէ սփիւռքի հայութեան կեդրոնացումը կ'երթար գրաւեալ հողերէն անդին դէպի հայոց Ջաւախքը: Կրնա՞նք համեմատութիւն մը ընել Ջաւախքի քաղաքական այսօրուան կացութեան եւ երէկուան Ղարաբաղի միջեւ:
Պատասխան – Գիտէք, իրականութեան մէջ, մեր խնդիրները եւ Արցախում եւ Ջաւախքում նո՛յնն են: Առաջին հերթին հայապահպանութեան մեծ խնդիր ունենք: 1990 թուականից յետոյ կարողացանք Արցախը ազատագրել, թող որ իրենք որոշեն իրենց սեփական ճակատագիրը: Նոյնը չէր կարելի է ասել Ջաւախքի պարագային, որովհետեւ Ջաւախքը աւելի մեծ էր քան արցախահայութիւնը որ կը գտնուէր վրացական իշխանութիւնների քմահաճոյքի տակ: Եւ 90 թուականից յետոյ երբ հռչակուեց Վրաստանի Հանրապետութիւն եւ սկսուեց հալածանքները ուղղակի բացէ բաց հայութեան նկատմամբ: Այդ ժամանակուայ նորանշանակ նախագահ Կամսախուրդիա ազգանունով բացէ բաց ասում էր որ Վրաստանը վրացիների համար է
Հարցում – Ջաւախք ըսելով մենք ի՞նչ տարածութիւն կը հասկնանք, քանի՞ գիւղ:
Պատասխան – Ջաւախք ասելով մենք հասկանում ենք մօտաւորապէս, հոգեւոր իմաստով, եօթը համայնք եւ 132 գիւղ: Մինչեւ 90 թուականը մօտաւորապէս 80-85 տոկոս իշխում էր հայութիւնը, իսկ քսան տոկոս ապրում էին այլազգիներ ոչ թէ միայն վրացիներ, հրեաներ, ռուսներ, վրացիներ անշուշտ: Այսօր Ապզխայում վիճակը շատ փոխուած է: Ուրեմն մօտ 35-40 տոկոսը հայ է ապրում եւ 60 տոկոս վրացիներ: Ախալքալաքի շրջանում ուրեմն ապրում է 93 տոկոս հայ եւ 7 տոկոս վրացի: Նինաց Չինկայի շրջանը, որ սուրբ քաղաք է եղել, ուրեմն հռիփսիմեանց կոյսերը ճանապարհով անցել են այդ քաղաքից՝ Սուրբ Նենայի քաղաքը: Այդ տարածքում մենք ունենք երեք դպրոց: Հիմնական ասեմ որ 1990 թուականին խօսում ենք 200 հազար հայութեան մասին, մեր համեստ կարծիքով այսօր պիտի լինի 130-150 հազար հայ:
Հարցում – Արագ կերպով ակնարկ մը եթէ նետենք մեր կրթական վիճակին, արդեօք մեր դպրոցներէն ներս հայեցի կրթութիւն եւ հայերէն լեզուի ուսուցում կը տրուի՞:
Պատասխան – Դպրոցների վիճակը շատ վատ է էն առումով որ հիմնականում դպրոցաշէնքերը քանդուած վիճակ կամ աւերուած վիճակ ունին: Ուսուցիչների տարիքը արդէն շատ բարձրացած է, եւ այսինքն կ'երեւի վերջին ուսուցիչը որ Հայաստանում վերապատրաստուել է արդէն 20-30 տարի առաջ էր: Ժողովուրդը կ'երեւի 90 տոկոսից աւելի չի տիրապետում վրացերէն լեզուին: Խօսում են արեւմտահայերէն: Իրենց բարբառը Էրզրումի շրջանի բարբառն է:
Հարցում – Եկեղեցական ձեր համայնքը քանի՞ գործող եկեղեցի ունի:
Պատասխան – Ամէն գիւղում, ուրեմն 132 գիւղում մենք ունինք եկեղեցի: Մինչեւ 90 թուականը սակայն գործում էր միայն երկու եկեղեցի. Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցիները: 93 թուականին նաեւ վերադարձուեց Ս. Սարգիս եկեղեցին: Ուրեմն եօթը տարուան մէջ մենք կարողացանք 15 եկեղեցի վերաբանալ: Ուրեմն այսօր մենք ունինք 15 գործօն եկեղեցիներ:
Հարցում – Պատմութենէն ծանօթ' Ջաւախքի հայութիւնը անցեալին կարեւոր ազգային քաղաքական ու մշակութային գործիչներ ու մտաւորականներ տուած է Հայաստանին: Քանի մը անուններ արդօք կրնա՞ք յիշել անոնցմէ:
Պատասխան – Հիմնականում Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կազմուած էր Ջաւախքի հայերով. Համօ Օհանջանեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Ռուբէն Դարբինան, Յովհաննէս Քաջազնունի ... գոնէ այս չորսը, որոնք քաղաքական գործիչներ էին առաջին հանրապետութեան ժամանակ: Շարլ Ազնաւուրի ծնողները ծնունդով ջաւախցի են: Նկարիչներ Կոջոյեան, Կոտոլեան: Վիպասան Դերենիկ Դեմիրճեան, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեան, շատ ու շատ լուսաւոր դէմքեր է տուել Ջաւախքը: Ու այսօր դժուար է որ նորից անցեալի նման դէմքեր տայ: Նայեցէք արդէն մեր կրթութեան տխուր վիճակին: Ջաւախքը մի՛շտ եղել է Հայաստանի համար բազկերակ, մտաւորականների ծնունդ տուող:
Հարցում – Իսկ հայ կաթողիկէներ ի՞նչ վիճակ ունին:
Պատասխան – Ուղղակի իրենցը զուտ եկեղեցական է: Ունինք կաթողիկէ տասը գիւղ, եթէ չեմ սխալւում, այդ շրջաններում: Նրանք իրենք իրենց մէջն են:
Հարցում – Իսկ Հռիփսիմեանց հայ քոյրեր որքան գիտեմ գտնուելու են ձեր շրջանները:
Պատասխան – Ո՜չ, հիմնականում նրանք Կիւմրիի շրջաններում են, քոյր Արուսեակը կայ, սփիւռքահայ է: Մենք իրենց հետ մեծ կապի մէջ ենք, իրենց աշխատանքը մենք գնահատում ենք: Շատ ջերմ հայրենասիրութիւն կայ նրանց մէջ:
Հարցում – Վերջին հարցում. Ջաւախքը մեր պատմական Հայաստանի ո՞ր նահանգին մաս կը կազմէր:
Պատասխան – Գուգարաց նահանգին մէջ էր ու եթէ երբ գաք որ տեսնէ՞ք Գուգարքը որ վերջանում է Ջաւախքը շարունակւում է, ոչ մի բանով չի տարբերւում:
Показват се публикациите с етикет ՀԱՅ ՀՈԳԵՎՈՐ ԿՅԱՆՔ. Показване на всички публикации
Показват се публикациите с етикет ՀԱՅ ՀՈԳԵՎՈՐ ԿՅԱՆՔ. Показване на всички публикации
неделя, 21 декември 2008 г.
петък, 19 декември 2008 г.
Սուրբ Ծննդեան Ընդունելութիւն
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ Յունուար 6, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդին հիւրընկալութեամբ ընդունելութիւն մը, երեկոյեան ժամը 6էն 9: Ընդունելութիւնը սրտաբաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, առիթ մը ստեղծելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միեւնոյն ատեն գնահատելու թեմէն ներս տարուող աշխատանքները:
Երեկոն պիտի սկսի առաջնորդին գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ, ապա պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:
Երեկոն պիտի սկսի առաջնորդին գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ, ապա պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:
«Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Շաբաթ» Կիպրոսի Թեմին Մէջ
ԿԻՊՐՈՍ.- 2008 տարին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի հռչակուելուն առիթով, Կիպրոսի հայ թեմը, հովանաւորութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ միացեալ գործակցութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ Կիպրոսի Ազգ. իշխանութեան Կրօնական ժողովին, Նոյեմբերի վերջընթեր շաբաթը՝ 19-23 Նոյեմբեր, Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Կիպրոսի մէջ:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Թորգոմ աբղ. Տօնոյեան դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ Կիպրոսի երեք քաղաքներուն մէջ՝ Նիկոսիա, Լառնագա եւ Լիմասոլ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարին առիթ՝ մտերմանալու Աստուածաշունչին հետ»։ Այս շրջագիծէն ներս, հայր սուրբը նաեւ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, նիւթ ունենալով «Աստուածաշունչը, Հայ եկեղեցին եւ բարոյագիտական հարցեր»: Ան այցելեց «Նարեկ» վարժարան եւ մանուկներուն ու պատանիներուն խօսեցաւ անոնց քրիստոնէական կազմաւորման մասին։
«Քրիստոնէական դաստիարակութեան շաբաթ»ը իր աւարտին հասաւ կիրակնօրեայ ուխտի պատարագով, որ կը զուգադիպէր Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնին։
Wednesday, December 17, 2008

«Բարի Գործերու Ծառայութեան» Մրցանակներ Կը Յանձնուին Հայ Աշակերտներու
Դեկտեմբեր 8ի երկոյեան, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու արձանագրած իրագործումներուն նուիրուած երեկոյ մը, որուն հիւրընկալն էր Հայ արհեստավարժներու միութիւնը: «Բարի գործերու ծառայութեան» մրցանակ տրուեցաւ արժանաւոր 6 ուսանողներու՝ Ռոզի Ճանէզեան («Ֆերահեան»), Նաթալի Մաճառեան («Յովսէփեան»), Նաթալի Փոստալճեան (Կրէնատա Հիլզի «Չարթըր»), Թանիա Մուխթարեան (ՀԲԸՄի Փասատինայի երկրորդականէն), Սէրլի Փոլատօղլու եւ Անի Շիրվանեան («Մանուկեան-Տէմիրճեան»):
Սիլվա Նաթալի Մանուկեան հակիրճ պատմականը ըրաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան եւ ներկայացուց անոր առաքելութիւնը՝ քաջալերել յառաջադէմ ուսանողներուն, որպէսզի իրենց նախընտրած ասպարէզին մէջ մասնագիտանան:Մրցանակները բաժնուեցան ձեռամբ առաջնորդին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին յանձնեց մետալ մը, վկայագիր մը, Ս. գիրք մը եւ փայտեայ հայկական խաչ մը:

Գոհաբանութեան Օրը Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մէջ
Ինչպէս այլուր Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը եւս Գոհաբանութեան օրուան առիթով կազմակերպեց միջոցառումներ: Նոյեմբեր ամսուան աշակերտական պատարագը նուիրուած էր այդ տօնին՝ Աստուծոյ փառք տալու եւ դարձեալ անդրադառնալու բոլոր այն բարիքներուն, զորս կը վայելենք մեր կեանքին մէջ: Պատարագին կը ծառայէին վեցերորդ դասարանէն Նարեկ Պուլտուքեան եւ Խաչիկ Բաբիսեան, իսկ Ալեք Քիլիսեան եւ Դալար Լեւոնեան օրուան յատուկ աղօթքներ կարդացին, ապա աշակերտները հաղորդուեցան՝ Անտոն վրդ. Սարոյեանի օրուան իմաստը մարմնաւորող քարոզէն ետք։
26 Նոյեմբերի առաւօտեան աղօթքի ժամուն սրահը զարդարուած էր: Իւրաքանչիւր դասարանէ ներկայացուցիչ մը կարդաց գոհունակութեան աղօթք մը եւ խնդրանք մը ներկայացուց առ Աստուած։ Գոհաբանութեան օրուան իմաստը եւ պատմականը ներկայացուցին առաջին դասարանի փոքրիկներ:
Նոյն օրը, Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամները դպրոցի խոհանոցը պատրաստուած համեղ հնդկահաւերով հիւրասիրեցին աշակերտները, ապա տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան Գոհաբանութեան տարեկան ճաշը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը փոխանցեց իր մաղթանքն ու գոհունակութիւնը։
27 Նոյեմբերին, վարժարանէս աշակերտական խումբ մը, ընկերակցութեամբ Միջնակարգի հայերէնի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեանի, վարժարանս ներկայացուց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած թելեթոնին 4000 տոլարի նուիրատուութեամբ։
Վարժարանիս մեծ ընտանիքի Գոհաբանութեան օրուան ճաշը աւելի կանուխ տեղի ունեցաւ՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, վարժարանիս գեղեցկօրէն զարդարուած «Դանիէլեան» սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ էր շրջանս հիւրաբար գտնուող Անարատ յղութեան միաբանութեան մեծաւորուհի մայր Եւթոքսիա Քէշիշեան, որ կատարեց Գոհաբանութեան աղօթքը: Յիշենք, որ մայր Եւթոքսիա նախապէս վարժարանիս տնօրէնուհին էր։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներէն Տիգուկ Պաստէքեան, որ բացատրեց, թէ օրուան հանդիսութիւնը հանգանակային նպատակ ունի եւ հասոյթը պիտի օգտագործուի վարժարանի ճաշարանի բարեզարդման համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ աշակերտական հագուստներու ցուցադրութիւն, որուն համար հագուստներ տրամադրած էր «Փամփքին փէ»չ վաճառատունը:
Ճաշին ընթացքին ելոյթ ունեցան վարժարանիս պարախումբի աղջիկները, որոնք, պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեանի ցուցմունքներով, նազանքով կը պարէին հայկական պարեր:
Շնորհակալութիւն ձեռնարկին մասնակցած բոլոր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ մանաւանդ Ծնողաօժանդակ մարմինի վարչութեան եւ անոնց շուրջը բոլորուած կամաւորներուն, որոնք իրենց կարելին չխնայեցին ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակելու համար, քաջ գիտնալով, որ հայ վարժարանի հիմնադրութեան չափ կարեւոր է նաեւ վարժարանը կանգուն պահելը՝ այլազան միջոցներով ապահովելու նիւթական անոր ատաղձը։
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Абонамент за:
Публикации (Atom)