Показват се публикациите с етикет ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԵ ԵԿԵՂԵՑԻ. Показване на всички публикации
Показват се публикациите с етикет ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԵ ԵԿԵՂԵՑԻ. Показване на всички публикации

петък, 19 декември 2008 г.

Ծննդեան Տօնին Ծիսակատարութիւն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց սուրբ Ծննդեան առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուան պատգամը պիտի տայ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցի, Տեպպաս հրապարակ, Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2008 առաւօտեան ժամը 10.30ին։
Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հետեւեալ ժամերուն.
Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր ժամը 12.00էն- 13.30 եւ 16.30էն- 19.00։
Ուրբաթ 26 Դեկտեմբեր ժամը 11.00էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00։
Հինգշաբթի 1 Յունուար 2009 ժամը 11.00էն- 13.00 եւ 16.30էն- 19.00։
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութ, 19 Դեկտեմբեր 2008

сряда, 17 декември 2008 г.

Հայագէտ Հայր Լուի Մարիէս

Հայ լեզուն ու մատենագրութիւնը կանուխէն հետաքրքրած են եւրոպացիները։
ԺԷ դարուն մասնաւորապէս քաղաքական նպատակներով է, որ անոնք հայերէն կը սորվէին։ 1633-ին կարտինալ Ռիշիլիէօ իր ծախսով Փարիզի մէջ հրատարակել կու տար Ֆրանչիսքօ Ռիվոլայի Բառագիրք հայոցը, որուն առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած էր Միլանոյի մէջ 1621-ին։ Հայերէնէ լատիներէն այս բառարանին շնորհիւ կրօնաւորները հայերէն պիտի սորվէին՝ քրիստոնէութիւնը տարածելու համար Հայաստանի մէջ։ Հետագային պատմաբաններ, մանաւանդ լեզուագէտներ սկսան գիտնալ մեթոտով ուսումնասիրել գրաբարը, Ոսկեդարու դասական մատենագրութիւնն ու մեր պատմիչներու երկերը, որոնք մեծ նպաստ կը բերէին հնդեւրոպական լեզուներու քննութեան եւ բաղդատական քերականութեան, միաժամանակ լոյս սփռելով միջնադարեան պատմութեան մութ մնացած զանազան շրջաններուն վրայ։ Վիլլոթ, Վիլֆրուա, Տը Լաքրոզ, Սեն Մարթեն, Լըվայեան տը Ֆլորիվալ, Էտուար Տիւլորիէ, Օկիւսթ Քարիէր, Պրոսէ, Վիքթոր Լանկլուա, Անթուան Մէյէ, Ֆրետերիք Մաքլեր եւ բազմաթիւ ուրիշ ծանօթ մտաւորականներ կը պատկանին ֆրանսացի հայագէտներու հոյլին։ Անոնց գործը մեծ սիրով շարունակող հմուտ գիտնական մըն էր հայր Լուի Մարիես, Յիսուսեան ուխտէն, որ աչքերը յաւիտենութեան փակեց նոյեմբեր 19-ին։
Հանգուցեալ հայագէտը աշակերտած էր Ֆրետերիք Մաքլերի՝ Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու վարժարանին մէջ։ Յետոյ հայերէնի ուսուցիչ կարգուած էր Էնսթիթիւ կաթոլիկի մէջ, ուր տասնեակ տարիներով մեր լեզուն ու մատենագրութիւնը աւանդեց ֆրանսացի եւ օտար ուսանողներու։
Յառաջացած տարիքին պատճառով հանգստեան կոչուած՝ Էնսթիթիւ կաթոլիկի հայերէնի բեմը յանձնած էր հայր Մերսիէի, որ գրեթէ տասը տարի պաշտօնավարելէ ետք, 1957-ի աշնան փոխադրուեցաւ Հռոմ՝ տեղը տալով՝ հայր Ֆրուատվոյի։
Հայր Լուի Մարիեսի անունը չորս տասնեակ տարիներէ ի վեր սերտօրէն կապուած է Եզնիկի Եղծ Աղանդոցին, որ Ոսկեդարու մեր մատենագրութեան հրաշակերտը կը նկատուի իբրեւ լեզու եւ ոճ։
Շատ կանուխէն՝ 1921-ին սկսած է հետաքրքրուիլ Եզնիկով։ Մէյէ եւ Մաքլեր քաջալերած են զինք, որպէսզի խոր ուսումնասիրութեան ենթարկէ այդ դասական երկը, որ բազմաթիւ շահեկան կողմեր կը ներկայացնէ։
1760-ին է միայն, որ երեւան ելաւ Եղծ Աղանդոցը շնորհիւ Իզմիրի մէջ գտնուած ձեռագիրի մը, որ 1776-ին առաջին անգամ լոյս տեսաւ նոյն քաղաքի Մահտեսի Մարկոսի տպարանին մէջ։ Երկրորդ տպագրութիւնը կատարեց հայր Արսէն Բագրատունի 1826-ին (Վենետիկ)։
Իզմիրի ձեռագիրը, որ 1845-ի մեծ հրդեհին կորսուած կը նկատուէր, 1902-ին Հրաչեայ Աճառեանի կողմէ գտնուեցաւ Էջմիածնի մատենադարանին մէջ։
Հայր Մարիես Եզնիկի ուսումնասիրութեան եւ թարգմանութեան համար աչքի առջեւ ունեցած է նաեւ այս ձեռագիրին լուսատիպ օրինակը։Մամուլի տակ է Եղծ Աղանդոցի գրաբար բնագիրը՝ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, ճոխացած ներածութեամբ եւ քննական ու բաղդատական բազմաթիւ նոթերով, արդիւնք՝ տասնեակ տարիներու պրպտումներու, որոնք գիտական մեծ արժէք կու տան իր աշխատասիրութեան։
Հատորը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ տարի Փաթրոլոճիա Օրիէնթալիսի շարքին մէջ, ուր լոյս տեսած են արդէն ուրիշ հայերէն դասական գործեր, ինչպէս Յայսմաւուրքը՝ 12 հատորներով, հայերէն եւ ֆրանսերէն՝ Հ Պայեանի թարգմանութեամբ։
Գ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կարեւոր նուիրատուութեամբ մը իր օժանդակութիւնը կը բերէ Եզնիկի երկլեզուեան հրատարակութեան։ Հանգուցեալ հայագէտը յաճախ ներկայ կըլլար հայկական հաւաքոյթներու։ Դասախօսութիւններ ալ տուած է։
1945-ին, երբ ձեռնարկեցինք վերակենդանացնելու Հայագիտական ընկերութիւնը, միաձայնութեամբ զինք ընտրեցինք նախագահ։ Այս ծրագիրը չյաջողեցաւ դժբախտաբար, ինչպէս դիտել տուած ենք քանիցս։ Երեք տարի առաջ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ տօնելու համար իր ութսունամեակը։ Անակնկալ հիւանդութիւնը անկողին քամեց զինք տարիներով։ Ու հայութիւնը առիթ չունեցաւ բարոյական երախտագիտութեան իր տուրքը հատուցանելու այս ազնիւ ֆրանսացիին, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը նուիրած էր մեր մատենագրութիւնն ու պատմութիւնը ուսումնասիրելու ապերախտ աշխատանքին։
Իր մահով մեծ կորուստ մը կ՛արձանագրէ հայագիտութիւնը։

събота, 13 декември 2008 г.

Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2008 - Զօր. Հրանդ Պէյ Մալոյեանի Աճիւներու Փոխադրութիւն Նորակերտ Դամբարան











Նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Բարեսիրական միութեան, 30 Նոյեմբեր 2008-ի Կիրակին եղաւ յիշատակութեան ու մեծարանքի օր` համայնքի կարկառուն զաւակներէն ու Սուրիոյ ազնիւ ու սիրուած զինուորականներէն Հրանդ պէյ Մալոյեանի, անոր մահուան 30 ամեակին առիթով։ Հրանդ պէյ՝ եղած էր Սուրիոյ ոստիկանական ուժերու գլխաւոր հրամանատարը, ինչպէս նաեւ ծառայած Օսմանեան, ֆրանսական ու Սուրիական բանակներուն մէջ, ապահովելով մեծ վարկ որպէս անբասիր, քաջ հրամանատար։Ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու ու դամասկահայ ազգայիններէն Հրանդ պէյի ծանօթներու, Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան մատոյց Ս. Պատարագ, ապա հանդիսապետութեամբ համայնքի Առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեանի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հանգուցեալ զօրավարի յիշատակին։ Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Առաջնորդն ու Բարեսիրական Միութեան անդամները ընդունեցին ցաւակցութիւններ այս առթիւ։ Ապա ներկաները ուղղուեցան համայնքի հին •երեզմանատունը, ուր սկիզբ առաւ թափօրը առաջնորդութեամբ Հ.Կ.Մ.-ի պատանիներու ու շեփորախումբին, փոխադրելով հանգուցեալի աճիւնները նորակերտ դամբարան, նոր գերեզմանատան մէջ։ Գերապայծառ տիրոջ կատարած հանգստեան պաշտօնէն ետք Սարգիս Պուրունսուզեանը, վարչական Բարեսիրական Միութեան, հրաւիրեց միութեան ատենապետ՝ ԺոզէՖ Ղազարեանը, որ ներկայացուց լուսահոգի հրամանատարին կենսագրական գիծերը։ Պարոն Ժոզէֆ իր խօսքը խորագրելով «Պատիւ արժանաւորաց» յայտնի ասոյթով, ըսաւ թէ համայնքիս բարեջան Առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեան այս սկզբունքը նկատի առնելով որոշեց եւ գործադրութեան դրաւ արժանավայել դամբարանի մը շինութիւնը մեծանուն զինուորականին, որ պատիւը եղած էր Սուրիական հայրենիքին, Հայ ժողովուրդին ու Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ «Սփիւռքահայութեան պարծանքը եղող այս պատուարժան հայորդին ծնած էր Մուշ 1887-ին ու պատանի տարիքին ուղղամտութեան եւ հայրենասիրութեան հիմը դրոշմուած էր իր մէջ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան վանքի ընծայարանին մէջ» յիշատակեց ան։ Ապա Պրն. Ղազարեանը ներկայացուց զօրավարի կեանքի ու ծառայութեան կարեւոր հանգրուանները, սկսելով թէ ինչպէս ան որպէս Պոլսոյ զինուորական վարժարանէն շրջանաւարտ սպայ ծառայած էր Պաղեստինի թրքական 53-րդ զօրաբժնին մէջ տեղակալի աստիճանով, ապա 1918-ին գերի իյնալով արաբական գունդերուն ձեռքը յաջողած էր փախչիլ եւ Պէյրութի մէջ մաս կազմել հայկական Լէգէոնին։ Աչքի զարնելով որպէս ուշիմ ու լեզուագէտ երիտասարդ, Ֆրանսական բանակի մէջ Կիլիկիոյ զինուորական կառավարիչին մօտ եղած էր օգնական ժանտարմըրիի։ Ան նաեւ մասնակցած էր Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մանաւանդ Մարաշի ու Ամանոսի մէջ։ Կիլիկիոյ ամօթալի պարպումէն ետք անցած էր Սանճաք ու նշանակուած Ալեքսանտրէթի ժանտարմըրիի հրամանատար, ապա Սանճաքն ալ դաւաճանաբար ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ յանձնումէն ետք, ծառայած էր այլ վայրերու մէջ հասնելով մինչեւ երկրի ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանին։ Պրն. Ժոզէֆ նշեց թէ Սուրիոյ անկախութեան պայքարի շրջանին, Հրանդ պէյ եղաւ այն բացառիկ դէմքը որ կրցաւ պահպանել երկրին կարգն ու կանոնը, պահելով հաւասարակշռութիւնը ֆրանսական հոգատար իշխանութեան եւ արաբ ազգայնականներու միջեւ։ Այստեղ Պրն.Ժոզէֆ յիշատակեց կարեւոր դէպք մը։ Այդ օրերու Դամասկոսի ֆրանսացի կառավարիչ՝ զօր. Օլիվիէ Րոժէ կ՚առաջարկէ Comandant Հրանդին, կազմել գումարտակ մը հայ երիտասարդներէ, լաւ վճարումով, օգտակար ըլլալու Ֆրանսական գրաւման բանակին։ Հրանդ պէյ կտրուկ կը մերժէ գաղափարը, ըսելով՝ « Mon gռnռral laissez les armռniens tranquille cette fois»։ Այս դիրքաւորումը մեծապէս կը գնահատուի սուրիացի ազգայիններու կողմէ։ Անկախութեան շրջանին, նշեց Պրն Ղազարեանը, Հրանդ պէյին, իր ուղղամտութեան ու բարձր կարողութիւններուն շնորհիւ, կը յանձնուի երկրի ներքին ապահովութեան պատասխանատուութիւնը, ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանով։ Յեղաշրջումներու շրջանին Հրանդ պէյ, հեռատէս մարդ, յարմար կը տեսնէ հրաժարիլ ու մեկնիլ պատիւներով։ Հրանդ պէյի կուրծքը զարդարուած էր բազմաթիւ արժանեաց շքանշաններով ու 1978-ին երբ մահացաւ, յուղարկաւորութիւնը եղաւ ներկայութեամբ պետական, զինուորական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններու եւ խուռներամ ժողովուրդի։Ապա խօսք առաւ արաբերէն լեզուով Տոքթ. Նատիմ Շամսինը, դասախօս Սուրիոյ համալսարաններու մէջ ու քաջատեղեակ Սուրիոյ Հայ գաղութի պատմութեան։ Ան մեծ դրուատիքով խօսեցաւ հանգուցեալ զօրավարին մասին, մեծապէս գնահատելով համայնքի բարեսիրականի նախաձեռնութիւնը անմար պահելու անոր յիշատակը։ Ան նշեց նաեւ Սուրիոյ ծառայած հայազգի այլ կարեւոր անձնաւորութիւններու ու զինուորականներու անունները, շեշտելով թէ անոնց ու մանաւանդ Հրանդ պէյի զոհողութիւններն ու նուիրումը կարեւոր եղած են որպէսզի մենք այսօր այս հայրենիքին մէջ ապրինք խաղաղ ու ապահով։ Շեփորախումբի նուագի կշռոյթին տակ ներկաները մեկնեցան, իրականացած տեսնելով Հրանդ պէյի նորակերտ դամբարանը, ուր ան պիտի հանգչի խաղաղութեամբ։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

петък, 12 декември 2008 г.

Լուսին Գաբրիէլեանի Մանրանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

12 Դեկտեմբեր 2008

ԼիբանանՀայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 70 ամեակի առիթով ծրագրուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ, նախագահութեամբ դոկտ.Մովսէս Հերկելեանի, Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, բացումը տեղի ունեցաւ տաղանդաւոր արուեստագէտուհի՝ Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչական գործերու անհատական ցուցահանդէսին։Լուսին Գաբրիէլեան՝ 1983-ին աւարտած է Հալէպի Ազգային Քարէն եւ Եփփէ Ճեմարանը (Սուրիա) եւ Հալէպի «Արշիլ Կորքի» եւ «Մարտիրոս Սարեան» գեղարուեստից ակադեմեաները։1997-ին եղած է շրջանաւարտ Երեւանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիայի, արժանանալով Մագիստրոս Արուեստից վկայականին եւ մասնագիտանալով «Մեսրոպ Մաշտոց» Ազգային Մատենադարանի մանրանկարչութեան ճիւղին մէջ։1996-2000, Հայաստանի մէջ հետեւած է Ֆրանսերէնի, հին յունարէնի, գրաբարի եւ համակարգիչի դասընթացքներուն։1983-2006 Լուսին Գաբրիէլեան ունեցած է նկարչութեան դասաւանդման մանկավարժական գործունէութիւն, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանաի կրթական եւ բարեսիրական զանազան հաստատութիւններուն մէջ։1992-ին ունեցած է իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը Հալէպի «Լեւոն Շանթ» ցուցասրահին մէջ։2004-2006 կատարած է որմանկարներու եւ եկեղեցական սպասներու մանրանկարչական ձեւաւորումներ Զմմառու վանքին մէջ։2001-2007 մասնակցած է զանազան հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ կատարած է ամսագրային նկարազարդումներ։Լուսին Գաբրիէլեան Հայ Քրիստոնէական սրբանկարչութեան դարաւոր աւանդներուն հաւատարիմ արուեստագիտուհին է, որուն գործը արժանի է ամենայն գնահատանքի եւ քաջալերանքի։Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի համար, Հայ մշակոյթը կրթութեան հետ միասին կարեւորագոյն լծակներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ ինքնութեան պահպանման պայքարին, որուն հաւատարիմ եւ լծուած կը մնայ վարժարանը 70 տարիէ ի վեր։Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Շաբաթ՝ 13 Դեկտեմբեր 2008 երեկոյեան ժամը 9։00-ը։