Показват се публикациите с етикет ՊՈԼՍՈ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ. Показване на всички публикации
Показват се публикациите с етикет ՊՈԼՍՈ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ. Показване на всички публикации

събота, 20 декември 2008 г.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մօտ Անգլիոյ Լիազօր Դեսպան Չարլս Լոնստէյլ 18 Դեկտեմբեր 2008, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան։

Յանուն Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր, Լիազօր Դեսպանը ընդունուեցաւ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգարժան հիւրը նախ բացատրեց թէ իր քաղաքս գտնուած օրերէն օգտուելով փափաքած է այցելել Պատրիարքարան ու ծանօթանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ Քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։

Ան, տեղեկութիւն ստացաւ Ամենապատիւ Տիրոջ առողջական վիճակին մասին։ Ապա հիւր Լիազօր Դեսպանը Արամ Սրբազան Հօրմէ ստացաւ Ստանպուլի Հայ համայնքի ու անոր հարցերուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար ու մեկնեցաւ։

ՊԵԼՃԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պելճիոյ նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Ֆրանսուա տէլ Մարմոլ 19 Դեկտեմբեր 2008, Ուրբաթ, ժամը 14.30ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան։

Յանուն Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր, Աւագ Հիւպատոսը ընդունուեցաւ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգարժան հիւրը, որ անդրանիկ այցելութեամբ կը գտնուէր Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ, տեղեկութիւն ստացաւ ստացաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի մասին, իր ուրախութիւնը յայտնեց ծանօթացման սոյն ընդունելութեան համար, որմէ յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար ու մեկնեցաւ։